Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, թէ Պաքու եւրոպական կազի շուկային մէջ Մոսկուայի հետ մրցակցելու նպատակ չունի:
«Կ՛ուզեմ շատ կարեւոր կէտ մը նշել, որ ո՛չ նախապէս, ո՛չ ալ հիմա եւրոպական շուկային մէջ ռուսական կազին հետ մրցակցելու նպատակ ունինք, որովհետեւ մեր իւրայատուկ տեղը ունինք», ըսաւ ան: