Եղիշ Տարաքճեանը ես չեմ ճանչնար։ Պէյրութէն է, ապրած է Թրատ, հիմա՝ Զալաա։ Սեւանի ափին ճաշարան մը նստած չորս ընկերներով մեր անցեալը կը քրքրէինք, երբ չեմ գիտեր ինչպէս, Անդրանիկ Պօղոսեանը եւ Արմանտ Պաղտոյեանը մէկը միւսին բերնէն խլելով խօսքերը, սկսան պատմել Եղիշի մասին, իրենց բազմաթիւ վկայութիւնները համեմելով հաճելի դրուագներով։
Սրամիտ, քաջ, պատրաստաբան, ազգասէր ու նուիրուած մարդ մը ներկայացաւ ինծի Եղիշը այս պատմութիւններէն, մէկը, որուն պիտի փափաքէի անպայման ծանօթանալ, մէկը, որուն պիտի ուզէի առնուազն անպայման հանդիպիլ, մանաւանդ այստեղ, Երեւան, կամ Սեւանի ափին, ինչպէս անցեալ տարիներուն բազմաթիւ ծանօթ-բարեկամներու հանդիպած եմ Հայաստանի տարբեր գեղատեսիլ անկիւններու վրայ։
Եղիշը Հայաստան չէ եղած։ Ամէն մէկս իր մտքին մէջ այս փաստը գնահատելու փորձ մը կը կատարէր վստահաբար։ Ինչպէ՞ս կարելի է, որ նման նկարագրի տէր մարդ մինչեւ այսօր անկախ Հայաստանը տեսնելու առիթ չէ ստեղծած, կամ ի՞նչ անյաղթահարելի պայմաններ պարտադրած են, որ ան չկարենայ իր երազածը իբրեւ իրականութիւն տեսնելու վիճակ ստեղծել։
Եղիշը պէտք է Հայաստան գայ եւ ապրի վայելքը Սեւանին, ըմբոշխնէ իր հայրենիքի բոլոր բարիքները։ Միասին ծրագրած դաւադրութեան արդիւնք է այս սիւնակը, եւ Եղիշը պիտի ներէ զիս, որ իրեն այսպիսի կացութեան առջեւ կը դնեմ՝ վիրաւորելով իր համեստութիւնը, անյարմար վիճակի մատնելով զինք։ Իմ կողմէս, իբրեւ չքմեղանք, կրամ ըսել, որ ես ալ ունիմ բազմաթիւ ընկերներ, արժանաւոր մարդիկ, որոնք ինծի համար անհասկնալի պատճառներով տակաւին չեն եկած Հայաստան, չեն տեսած այն, որուն համար պայքարած են, որու բարգաւաճման համար հիմա ալ կ’աշխատին։ Կրնամ մէկ առ մէկ թուել զանոնք, ոչ թէ քննադատելու, ոչ թէ յանդիմանելու, այլեւ հրապուրելու եւ հրաւիրելու նպատակով։
Այդպէս ալ մենք դաւադրեցինք միասին, Անդոյին, Արմանտին ու Րաֆֆիին հետ։ Նիւթեցինք դաւը՝ հրապարակաւ Հայաստան հրաւիրելու Եղիշը։ Արմանտը խոստացաւ ինք ալ անպայման այստեղ ըլլալ, Եղիշին հետ միասին ըլլալու եւ ապրելու այն հաճելի պահերը, որ կը սպասեն իրեն։
Րաֆֆին խոստացաւ նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ, գործէն փախիլ եւ անպայման Եղիշին հետ Սեւանի ափին քէֆ ընել։
Ես ալ իմ անծանօթ ընկերս կը հրաւիրեմ տունս, կը փափաքիմ իմ օճախիս հիւրը ըլլայ եւ իմ կարելիս կ’ընեմ, որ ան ամէնէն իմաստալից ձեւով տեսնէ հայրենի երկիրը։
Գեղամայ լեռներու վրայ ծուարած սպիտակաթոյր ամպերուն նայելով դաւադիր եռեակը հանգիստ խղճով մտածեց, որ այսպիսի հրաշալի պահ, հոյակապ տեսարան վայելելու արժանի է Եղիշը, ուրեմն՝ ամէն ինչ կարելի է արդարացնել։
Փակելէ առաջ պէտք է արձանագրեմ, որ անցեալ շաբթուան սիւնակը բաւական լայն արձագանգ ունեցաւ։ Պատճառը հաւանաբար երգիծական այն թեթեւ երանգն էր, որ տեղ գտած էր հոն։ Կը հասկնամ, որ ընթերցողը բաւական ձանձրացած կրնայ ըլլալ նոյն ոճի, նոյն թաց զգացականութեամբ յագեցած գրութիւններէն եւ թարմութիւն կը փնտռէ ու կը գնահատէ։
Երանի կարենամ այդպիսի անակնկալներ մատուցել ընթերցողներուն։ Յամենայն դէպս, կը խոստանամ փորձել։
Գրեցէք ինծի.-
mherapo@hotmail.com