ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին պարտականութիւն կը տրուի հետապնդելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցը:
Որոշումին մէջ ընդգծուած է, թէ Իպրահիմ պիտի շարունակէ հետեւիլ սուրիացի տեղահանուածներուն համար կամովին եւ ապահով կերպով տունդարձի կազմակերպման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ սուրիական համապատասխան մարմիններուն հետ պիտի գործակցի` ամբողջացնելու համար իրմէ պահանջուած պարտականութիւնը:
Միւս կողմէ, Միքաթի ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշին յղեց նամակ մը, անոր մէջ ան կը շեշտէ, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութենէն 11 տարի ետք անհրաժեշտ է, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը արագօրէն լուծուի: Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ճգնաժամը եւ տնտեսական-ելեւմտական տագնապալի իրավիճակը տարբեր մօտեցում կ՛ենթադրեն` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին նկատմամբ: «Այլապէս այդ թղթածրարը կրնայ բարդանալ եւ հակակշիռէ դուրս գալ», կ՛ընդգծէ Միքաթի: