
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Պըրպենքի առաջնորդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ երեկոյ մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայ եկեղեցւոյ մեծագոյններէն՝ Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի կաթողիկոսին (1102-1173), անոր մահուան 850րդ տարեդարձին առիթով:
Բացի Շնորհալիի յօրինած փունջ մը գեղեցիկ շարականներու եւ ծիսական-պաշտամունքային երգերու ներկայացումէն, յայտագիրին մէջ է նաեւ կարեւոր դասախօսութիւն մը, որ հանգամանալից կերպով պիտի անդրադառնայ ո՛չ միայն Շնորհալի հայրապետին ժամանակաշրջանի բարդ ընկերային-քաղաքական եւ եկեղեցական վիճակին, որուն մէջ ան ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց, այլ նաեւ անոր կրօնական եւ պաշտամունքային յօրինումներուն եւ մասնաւորաբար Շնորհալիի «Հոգեկան Ոլորտ»ին մասին, որ անոր տիպար հոգեւորականի ամէնէն ուշագրաւ երեսը կը կազմէ: Այս տեսանկիւնէն, օրուան դասախօսը՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, պիտի կատարէ մեծ հայրապետին եկեղեցական եւ հոգեկան արժէքներուն ու բարձր արժանիքներուն վերլուծումը՝ համապատասխան գնահատումներով:
Ս. Ներսէս Շնորհալին մեր եկեղեցւոյ փառքի ամէնէն ցայտուն պսակներէն մէկն է: Մեր Եկեղեցին շատ բան կը պարտի անոր: Ան եղաւ եզակի հոգեւորական մը եւ փայլուն ջահակիր մը ո՛չ միայն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, այլեւ հաւատացեալներու քրիստոնէական իղձերուն եւ կեանքին ուղղութիւն տուող բացառիկ առաջնորդ մը:
Հրաւիրուած է շրջանիս հասարակութիւնը:
Մուտքը ազատ է:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ