
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 13 Սեպտեմբերին՝ կէս գիշերուան ժամը 00:05էն սկսեալ, Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներով, մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով սկսան բուռն կերպով կրակել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հակառակորդը նաեւ օգտագործեց անօդաչու թռչող սարքեր:
Կացութիւնը լարուած մնաց նաեւ 13 Սեպտեմբերին: Հակառակորդը՝ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ճամբով ամբողջ օրուան ընթացքին փորձեց դիրքային յառաջխաղացք ապահովել՝ մասնաւորապէս Ներքին Հանդի, Վերին Շորժայի, Արտանիշի եւ Սոթքի ուղղութեամբ: Հայաստանի զինուած ուժերը իրենց ամբողջ կարողականութեամբ կատարեցին իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արամ Թորոսեան նշեց, որ հայկական կողմի կորուստներուն մասին տուեալները կը ճշդուին, իսկ առաւօտեան, Ազգային ժողովին մէջ, վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ հայկական կողմը ունի առնուազն 49 զոհեր, որոնց կարգին՝ քաղաքացիներ:
Ըստ անոր՝ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները կէսգիշերէն սկսեալ եւ ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակեցին թիրախ դարձնել սահմանամերձ բնակավայրերը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները:
«Այս ակնյայտ իրողութեան ֆոնին առաւել քան անհեթեթ են դառնում ադրբեջանական կողմի պնդումները, թէ իրենք խաղաղ բնակչութեանը չեն թիրախաւորում: Կան բաւարար ապացոյցներ, որոնք հաստատում են Ադրբեջանի զինուած ուժերի յանցաւոր գործողութիւնները՝ խաղաղ բնակչութեան դէմ», յայտնեց բանբերը:
Թորոսեան երեկոյեան ժամը 9ին յայտարարեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին կացութիւնը լարուած կը մնայ: «Այդուհանդերձ թէ՛ հայկական դիրքերի, բնակավայրերի ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքների հրետակոծութեան եւ թէ Ներքին Հանդի, Վերին Շորժայի, Արտանիշի եւ Սոթքի ուղղութեամբ ընթացող դիրքային մարտերի կրակի ինտենսիւութիւնը (սաստկութիւնը) զգալիօրէն թուլացել է», նշեց ան:


Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, շարունակելով բացայայտ կեղծիքի իր գործելաոճը՝ փորձելով հիմնաւորել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի հանդէպ լայնածաւալ յարձակումը, հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ յայտնելով, որ իբր թէ Հայաստանի զինուած ուժերը 13 Սեպտեմբերին խախտեցին երեկոյեան ժամը 9էն սկսեալ զինադադար հաստատելու մասին պայմանաւորուածութիւնը՝ ռմբակոծելով ատրպէյճանական դիրքեր:
«Ադրբեջանի պաշտպանական գերատեսչութեան այս յայտարարութիւնը բացայայտ անհեթեթութիւն է, քանի որ կէսգիշերից սկսած ադրբեջանական ԶՈՒի ստորաբաժանումները ոչ մի րոպէ չեն դադարեցրել հայկական դիրքերի, բնակավայրերի ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքների հրետակոծութիւնն ու գնդակոծութիւնը: Այս կեղծիքը եւս մէկ անգամ ապացուցում է, որ Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը խորապէս արհամարհում է միջազգային հանրութեան կարծիքը՝ բացայայտ ստեր տարածելով Հայաստանի՝ իբր ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) գործողութիւնների մասին», ըսաւ Թորոսեան:
Ան հաստատեց, որ հայկական կողմը բացառապէս պատասխանած է պաշտօնական Պաքուի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումին:
Յետմիջօրէի ժամը 6ին, Թորոսեան նշեց, որ սահմանային լարուածութիւնը որոշ չափով նուազած է։ «Չնայած իրավիճակի կայունացման մասին դեռ վաղ է խօսել, սակայն կէսգիշերից արձանագրուած հրետակոծութեան ինտենսիւութիւնը զգալիօրէն թուլացել է», ըսաւ ան:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Հայկ Կոստանեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանական զինուժի կրակոցներուն եւ մարտական գործողութիւններուն պատճառով, Ջերմուկի անտառներուն մէջ հրդեհ բռնկած է: Ան աւելցուց, որ այն տարածքներուն մէջ, որոնք կը դիտարկուին հակառակորդին կողմէ, հրդեհաշիջման աշխատանքներ կարելի չէ կատարել, մնացեալ շրջաններուն մէջ հրշէջները կը փորձեն մարել հրդեհները:
Ջերմուկ համայնքի ղեկավար Վահագն Արսէնեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ թշնամիին յարձակումէն անմիջապէս ետք, Ջերմուկի մէջ կազմուած են ինքնապաշտպանական ջոկատներ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են միանալու դիրքերուն մէջ կանգնած մեր զինուորներուն: «Ջերմուկը չենք լքել ոչ մի րոպէ, եւ անհրաժեշտութեան դէպքում բոլորս պատրաստ ենք պայքարելու մեր հայրենիքի, մեր հող ու ջրի համար: Կոչ եմ անում սեփական նախաձեռնութեամբ դիրքեր չբարձրանալ, հետեւել համայնքապետարանի եւ ՊՆ ցուցումներին», յայտնեց ան:


Վարդենիսի համայնքապետարանի բանբեր Էդգար Պետրոսեան նշեց, որ Գեղարքունիքի մարզին եւ Վարդենիս քաղաքին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: «Արկեր չեն ընկել քաղաքի վրայ ո՛չ երէկ, ո՛չ էլ այսօր: Արկեր ընկել են միայն սահմանամերձ գիւղերի՝ Սոթքի, Կութի, Նորաբակի ուղղութեամբ: Հրետակոծութիւնը գիւղերի ուղղութեամբ արդէն դադարել է, դրանք միայն սահմանին են: Խուճապ քաղաքում չկայ, տարհանուել են այն բնակավայրերի բնակիչները, որոնք հակառակորդը հրետանակոծել է», ըսաւ Պետրոսեան՝ աւելցնելով, որ Վարդենիս քաղաքի դպրոցները եւ մանկապարտէզները փակ են:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ստեղծուած վիճակին պատճառով Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու կարգ մը շրջաններուն մէջ դպրոցները փակուած են՝ ապահովական նկատառումներէ մեկնած:
Յայտնենք, որ տարբեր մարզերէ փոխանցուած անպաշտօն տեղեկութիւններ խօսեցան պաշտօնապէս յայտարարուած զոհերու թիւէն աւելի մեծ թիւի մասին, սակայն ոչինչ հաստատուեցաւ Հայաստանի համապատասխան կառոյցներուն կողմէ:
Միւս կողմէ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ ատրպէյճանական բանակը մեծ կորուստներ ունի՝ 42 զինուորներ եւ 8 պետական սահմանապահներ: