ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Թասս» լրատու գործակալութիւն յայտնեց, թէ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսաւ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման նպատակով Ռուսիոյ կատարած դերը դժուար է գերագնահատել. Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իրավիճակը կայունացնելու համար՝ շեշտելով, որ այդ ճիգը կը շարունակուի:
13 Սեպտեմբերին սահմանային վիճակը եւ համպատասխան մանրամասնութիւններ տալու նպատակով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ան անթոյլատրելի նկատեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական սադրանքը եւ ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ շեշտեց միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը:
Նոյն օրը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը:
Միրզոյեան ներկայացուց 12 Սեպտեմբերի կէսգիշերին, ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ սանձազերծուած յարձակումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը՝ շեշտելով Ատրպէյճանի գործողութիւններուն հասցէական եւ համարժէք կերպով արձագանգելու անհրաժեշտութիւնը: Միրզոյեան նշեց, թէ Ատրպէյճան իր առաւելապաշտական նպատակներուն ուժի միջոցով հասնելու փորձերով կը հարուածէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հայկական կողմի ջանքերը:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ հանդիպման նախնական օրակարգին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն եւ Արցախի տագնապի լուծման վերաբերող հարցերուն: Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ յատկապէս ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայկական կողմը կ՛ակնկալէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ համանախագահ երկիրներու աշխոյժ ներգրաւումը: