ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ատրպէյճան Հայաստանին միակողմանի մարդասիրական զինադադար հաստատելու առաջարկ ներկայացուց: Մեր երկիրը շահագրգռուած չէ իրավիճակի ապակայունացումով եւ սրումով», Ռուսիոյ նախագահի Միջազգային մշակութային համագործակցութեան գծով բանագնաց Միխայիլ Շուիտքոյի հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ նաեւ ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:
«Հայաստան խախտած է եռակողմ յայտարարութիւններուն դրոյթները, ինչպէս նաեւ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ», ըսաւ Պայրամով:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի ռազմագերիներու, անհետ կորսուածներու եւ պատանդներու հարցերու պետական յանձնաժողովը հաստատեց, որ Պաքու պատրաստ է հայկական կողմին յանձնել վերջին երկու օրերուն զոհուած շուրջ 100 զինուորներու մարմինները։ Անոնք այս գծով դիմած են Կարմիր Խաչի միջնորդութեան: Հայաստանի մօտ ԿԽՄԿի պատուիրակութիւնը հաստատեց այս տեղեկութիւնը՝ առանց մանրամասնութիւններ տալու։