ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հայաստանը յորդորեց ետ կանգնիլ սխալ ուղիէն։
«Մենք անընդունելի կը նկատենք Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի յաղթանակով աւարտած պատերազմէն ետք կնքուած համաձայնագիրի խախտման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը: Ինչպէս միշտ, ամբողջ աշխարհը պէտք է իմանայ, որ այս կացութեան մէջ ալ մենք Ատրպէյճանի կողքին ենք: Հայաստան չի կատարեր Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք ստորագրուած համաձայնագիրի պայմանները եւ մնայուն կերպով յարձակողական կեցուածք կը դրսեւորէ: Անկասկած, այսպիսի պահուածքը հայկական կողմին համար հետեւանքներ պիտի ունենայ: Մեր փափաքն է, որ Հայաստան կարելի եղածին չափ շուտ ետ կանգնի այս սխալ ուղիէն, գործադրէ համաձայնագիրի դրութիւնները, իր ժամանակը եւ ներուժը օգտագործէ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ», յայտնեց Էրտողան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.