
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը խստօրէն դատապարտելէ ետք, Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Կաս Պիլիրաքիս եւ Տէյվիտ Վալատաօ 14 Սեպտեմբերին, Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները դատապարտող եւ Պաքուի տրամադրուող ապահովական աջակցութիւնները կասեցնել պահանջող բանաձեւ մը։
Բանաձեւին մէջ խստօրէն կը դատապարտուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ կատարուած ատրպէյճանական յարձակումները եւ միջազգային համայնքին ցուցաբերած կրաւորական եւ երկու կողմերը պատասխանատու նկատելու կեցուածքը։
Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ նախագահ Պայտընի վարչակազմին, որ անմիջական քայլերու դիմէ՝ անյապաղ զինադադար հաստատելու նպատակով եւ յստակացնէ, թէ Ուաշինկթըն նեցուկ կը կանգնի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան իրաւունքներուն, միաժամանակ դատապարտելով միջազգային տարրական օրէնքներու շարունակական խախտումները Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ։
Նաեւ, բանաձեւը կը շեշտէ, թէ անմիջական մարդասիրական օժանդակութիւն պէտք է տրամադրուի ատրպէյճանական յարձակումներէն ծանրօրէն տուժած Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութիւններուն։
Այս բանաձեւին նեցուկ կանգնելու նպատակով ձեր քոնկրեսականներուն դիմելու համար այցելել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին պատրաստած կայքէջը։