ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 13էն 14 Սեպտեմբերի լուսցող գիշերը, հայ-ատրպէյճանական սահմանին կացութիւնը մնաց լարուած։ Մասնաւորաբար Ջերմուկի ուղղութեամբ հակառակորդը կիրարկեց հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ, հակառակորդը, կիրարկելով հրետանային միջոցներ, ականանետեր եւ մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ՝ վերսկսաւ նախայարձակ գործողութիւններու, մասնաւորաբար Ջերմուկի եւ Վերին Շորժայի ուղղութիւններով:
Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը ձեռնարկեցին համարժէք պատասխան գործողութիւններու` շարունակելով կատարել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները:
Փաստօրէն, Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը շարունակեց Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ յարձակումները՝ թիրախ դարձնելով թէ՛ ռազմական եւ թէ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը շեշտեց, որ ստեղծուած իրադրութեան եւ անոր հետագայ զարգացումներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:


Օրուան ընթացքին պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արամ Թորոսեան, որ վերջին անգամ լուրեր փոխանցեց Երեւանի ժամով երեկոյեան ժամը 8ին՝ յայտնելով, որ բոլոր ուղղութիւններով կրակը գրեթէ դադրած է, եւ էական միջադէպեր չեն արձանագրուած։ Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ համացանցին վրայ շրջանառուող տեղեկութիւնները՝ իբր թէ հայկական որոշ բնակավայրեր անցած են ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, բացարձակ կեղծիք են:
Մինչ այդ Թորոսեան ըսաւ, որ յետմիջօրէի ժամը 3ի դրութեամբ՝ իրավիճակը շատ լարուած էր, Սոթքէն մինչեւ Գորիս ռմբակոծումները շարունակուեցան: Յատկանշական է, որ հարուածներ հասան նաեւ մարտական գործողութիւններու գօտիին մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող Ռուսիոյ ապահովութեան ծառայութեան փոխադրամիջոցներուն։ «Սա հերթական վկայութիւնն է, որ, չնայած պաշտօնական Բաքուի յայտարարութիւններին, ադրբեջանական զինուժը տարբերութիւն չի դնում թիրախների միջեւ: Հրթիռահրետանային հարուածներին զուգահեռ ադրբեջանական ստորաբաժանումները վերսկսել են նաեւ դիրքային առաջխաղացման փորձերը», նշեց ան։
Երեկոյեան ժամը 6ի դրութեամբ՝ ըստ բանբերին, իրադրութիւնը կը շարունակէր լարուած մնալ: Արդարեւ, ժամը 3էն 5, Սոթքէն մինչեւ Գորիս ամբողջ սահմանագիծով թշնամին շարունակեց անդադար հրթիռահրետանային հարուածները, որոնց ընթացքին թիրախ դարձան նաեւ խաղաղ բնակավայրերը. Օգտագործուեցան նաեւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր:
«16։40ի սահմաններում հրթիռահրետանային հարուածներ են հասցուել Սոթքի ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասին, ինչի հետեւանքով հրդեհ է բռնկուել: Այս պահին հրդեհը մարուել է: Ժամը 17ից նշուած ուղղութեամբ թշնամու հրթիռահրետանային հարուածների ինտենսիւութիւնը (սաստկութիւնը) թուլացել է», ըսաւ Թորոսեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կը ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն՝ թշնամիին համարժէք պատասխանելու համար:


Ան յիշեցուց, որ հայկական կողմի զոհերուն ցարդ հաստատուած թիւը 105 է, այդ մասին յայտարարեց վարչապետը, իսկ վիրաւորներու թիւը տակաւին չէ ճշդուած։
Ջերմուկ քաղաքին մէջ, ատրպէյճանական զինուժը կրակեց ինքնաշարժին վրայ քաղաքացիի մը, որ վիրաւորուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:
Թորոսեան նաեւ հերքեց Ատրպէյճանի կողմէ տարածուող ապատեղեկատուութիւնը: «Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հաւատարիմ մնալով բացայայտ կեղծիքի շարունակական տարածման իր գործելաոճին, յայտարարութիւն է տարածել, թէ իբր Սեպտեմբերի 13ի լոյս 14ի գիշերը հայկական ստորաբաժանումները հրետակոծել են ադրբեջանական դիրքերը: Սա հերթական ապատեղեկատուութիւնն է, որն ինչպէս արդէն համոզուել ենք, ծառայում է որպէս տեղեկատուական հենք Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի հանդէպ ռազմական ագրեսիա (յարձակում) իրականացնելու համար», ըսաւ Թորոսեան՝ դիտել տալով, որ երբեմն ընկերային ցանցերու վրայ կը տարածուին տեսանիւթեր, որոնք կը 44օրեայ պատերազմի օրերու իրադարձութիւններէն են։
Վարդենիս խոշորացուած համայնքի ղեկավար Ահարոն Խաչատրեան եւս տեղեկութիւններ տուաւ եւ ըսաւ, որ հակառակորդի ռմբակոծումներուն պատճառով, Սոթքի մէջ 40էն 50, Կութի մէջ 10էն 12, Նորաբակի մէջ 5էն 7 բնակարաններ վնասուած են, ներառեալ՝ Սոթքի համայնքապետարանը՝ աւելցնելով, որ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները վնասուած են կա՛մ լրիւ, կա՛մ մասնակի:
Ըստ անոր՝ կրակոցներուն եւ ռմբակոծումներուն պատճառով քանի մը գիւղեր ծանր վնասներ կրած են, բնակիչները տարհանուած են կամ տեղափոխուած ապաստանարաններ։ Խաչատրեան յայտնեց, որ կան վիրաւորուած քաղաքացիներ ։
Գեղարքունիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն հաղորդեցին, որ Սոթք գիւղին վրայ ռմբակոծումին պատճառով բնակարան մը այրած է։
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը (ՄԻՊ) միւս կողմէ, կը շարունակէ փաստահաւաք աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Գեղարքունիքի մարզերու ատրպէյճանական յարձակման ենթարկուող համայնքներուն մէջ: Անոր գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը եւ լուսանկարներ, որոնց մէջ յստակօրէն կը հաստատուի, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը թիրախ դարձուցած են բնակչութիւնը:
Ըստ ՄԻՊի հաւաքագրած տուեալներուն` վիրաւոր քաղաքացիներու թիւը ցարդ 4 է: Ատրպէյճանական յարձակումներու սկիզբէն մինչ հաւաքագրման աշխատանքները, առնուազն 2570 անձեր տեղահանուած են իրենց տուներէն Գեղարքունիքի մարզի Սոթք, Նորաբակ, Կութ, Ազատ, Այրք, Տրետուք, Կուտակաւան, Սիւնիքի մարզի Ճակատէն, Շիկահող, Սրաշէն, Ներքին Հանդ, Աղիտու, Ակներ, Վերին Շէն համայնքներէն: Անոնց գերակշիռ մեծամասնութիւնը կիներ, մանուկներ եւ տարեցներ են, նաեւ՝ հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր:

Նշուած համայնքներու մանուկները, բացի տեղահանման եւ հոգեբանական դժուար իրավիճակէն, զրկուած են կրթութիւն ստանալու իրաւունքնէն։
Աւելի կանուխ պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ արձանագրուած էին շտապ օգնութեան հիւանդատարներ թիրախ դարձնելու դէպքեր:
«Մեծաթիւ են ապացոյցները նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքների` անձանց, տների, հաղորդակցութեան, էլեկտրականութեան ու քաղաքացիական այլ ենթակառուցուածքների հրետակոծելու, գնդակոծելու եւ խափանելու վերաբերեալ: Յատկապէս շատ են աւերածութիւնները Սոթք, Կութ, Քարաշէն, Վերիշէն համայնքներում, համանման փաստեր են հաւաքագրուել նաեւ Գեղամասար, Աղիտու, Սրաշէն ու Նորաւան համայնքներում:
Բազմաթիւ են շարունակաբար յարձակման ենթարկուող անձանց նիւթական վնասները, մասնաւորապէս` շարժական ու այլ գոյքին եւ ընտանի կենդանիների տեսքով: Ադրբեջանական հրետակոծութեան հետեւանքով հրդեհներ են բռնկուել մի շարք համայնքներում, յատկապէս` Սոթքում եւ Ջերմուկ քաղաքի անտառային հատուածներում` ներառելով աւելի քան 9 հա. տարածք: Փրկարարների աշխատանքն առաւելապէս բարդացնում է փաստը, որ հրդեհի որոշ օջախներ գտնւում են ադրբեջանական զինուժի վերահսկողութեան գօտում, իսկ որոշ դէպքերում այդ հատուածներն ակտիւ հրետակոծւում են: Ադրբեջանական մեդիա տիրոյթում հայատեացութեան արձանագրուած մակարդակը, այդ թւում` պետական պաշտօնեաների կողմից, շատ վտանգաւոր է եւ ըստ նախորդիւ փորձի` ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից պատերազմական յանցագործութիւնների կատարման մեծ ռիսկ (վտանգ) է գեներացնւում (ծնունդ կը տրուի, կը յառաջացուի)», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Պաշտպանի աշխատակազմը ստացուող եւ վերլուծուող տուեալները եւ ապացոյցները` միջազգային իրաւական հիմնաւորումներով, գրաւոր կերպով պիտի ուղարկէ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ այլ դերակատարներու: