ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը պէտք է մնայ անփոփոխ: Այս մասին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահիան` ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին:
«Մենք հայ-իրանեան սահմանը կը նկատենք՝ իբրեւ հաղորդակցութեան պատմական ուղի, զոր անհրաժեշտ է պահպանել առանց որեւէ փոփոխութեան», շեշտեց ան։
Անհանգստութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բախումներու նոր փուլի մեկնարկին գծով՝ Ապտոլլահիան շեշտեց, որ Իրան պատրաստ է աջակցելելու հարցի խաղաղ եւ քաղաքական ուղիով լուծման: «Իրան միշտ կարեւոր կը նկատէ երկիրներու, որոնց կարգին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը», շեշտեց ան՝ ընդգծելով, որ տարածաշրջանը չի կրնար համակերպիլ նոր պատերազմի մը հետ, եւ հակամարտութեան երկու կողմերուն զսպուածութիւն դրսեւորելու կոչ ուղղեց: