Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կոչ ըրաւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան՝ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումը դատապարտող յստակ դիրքորոշում դրսեւորելու։
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ դուք ընէք ձեր ուժերուն ներածին չափով կարելի ամէն բան՝ դադրեցնելու ատրպէյճանական յարձակումը, որ Հայաստանի դէմ պետական մակարդակի այլատեացութեան եւ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան յստակ ցուցադրութիւն է։ Մարդկային կեանքը անգնահատելի է՝ ըլլայ այդ Ուքրանիոյ մէջ, թէ՝ Հայաստանի։ Իբրեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ՝ մենք հաւատացած ենք, որ Ալիեւի նման բռնապետ մը չի կրնար գնել լռութիւնը կամ արժանապատւութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան շատ փոքր ծաւալով կազի հաւանական մատակարարման դիմաց», կ՛ըսուի Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ։
Գրասենեակը կոչ ըրաւ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառռ Միշէլին, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերո ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորէլին, Եւրոպայի յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լայէնին, Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյւօ Քլաարին՝ կանգնելու մարդկային կեանքի եւ արժանապատւութեան կողքին՝ ընդդէմ Ալիեւի մենատիրական վարչաձեւին, որ վտանգի կ՛ենթարկէ ապակայունացնելու ամբողջ տարածաշրջանը։