ՊՈՍԹԸՆ.- «Սիամանթօ» լսարանը պատանիներու յատուկ միօրեայ ձեռնարկ մըն է, որ 13էն 18 տարեկան պատանիներ կը խմբէ իրենց ինքնութիւնը ամրապնդելու ճիգով, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի նիւթերով հարստացնելով զանոնք։
«Սիամանթօ լսարանը Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային Ուսումնական խորհուրդի հովանաւորութիւնը կը վայելէ։
Անիկա սկիզբ առած է 1981ին, գլխաւորութեամբ Հուրի Սահակեան-Փափազեանի։ Անիկա սահմանափակուած էր՝ ընդգրկելով միայն Նիւ Եորքը, ուր կը գտնուի Ազգային առաջնորդարանը, եւ մօտիկ Նիւ Ճըրզի նահանգի պատանիներով։
Հիմնադրութեան իսկ օրէն յարատեւ մտահոգութիւն եղած է բոլորին համար՝ ծնողներուն, տնօրէնութիւններուն, ազգայիններուն, այլ նահանգներու պատանիները անմասն չձգել այս նախաձեռնութեան։
Հոկտեմբեր 2019էն Փետրուար 2020, հեռավար ծրագիրներ գործադրելու փորձեր կատարուեցան, քանիցս Skype-ով միանալով Երեւանի Հայ համացանցային համալսարանին։ Յաջող էին փորձերը, որոնց պիտի յաջորդէր տարբեր նահանգներու հետ կապը ստեղծելը նոյն օրինակով։ Սակայն, պսակաձեւ ժահրը եկաւ իր հրամայականը դնելու եւ ամէն չարիքի պէս իր բարիքն ալ բերելով՝ Zoom-ի կապով։
Որքան որ «Սիամանթօ» լսարանի պատանիները տուն մնալէ ետք քանի մը հանդիպում իրագործեցին Skype-ով, սակայն Zoom-ը վերջապէս յաղթական եղաւ։
Հակառակ համաճարակին բերած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, 2020-2021ի վերամուտը արդէն փառաւոր էր «Սիամանթօ» լսարանին համար, որ ունեցաւ շուրջ 60 աշակերտներ՝ թեմի հովանաւորութիւնը վայելող զանազան նահանգներէ։
2021-2022ի վերամուտին, պատանիները շաբաթը հինգ օր հեռավար դասընթացք ունենալէն յոգնած՝ կը տատամսէին վեցերորդ օր մըն ալ պաստառին ետեւ նստիլ, իսկ նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ արդէն կրնային որոշ չափով տունէն դուրս ելլել։ Հետեւաբար, տուժած էր աշակերտութեան թիւը;
Պսակաձեւ ժահրի մեծապէս հեռանալուն առաջին հանդիպումն էր Շաբաթ 10 Սեպտեմբերի Zoom-ի միջոցաւ հանդիպումը։
Թեմի առաջնորդ Սնուշաւան արք. Դանիէլեան, որ նախագահն է նաեւ Ուսումնական խորհուրդի յանձնախումբին, տարուան բացումը կատարեց իր օրհնութեան աղօթքով ու քաջալերող խօսքերով։
Պատանիները ողջունեցին Ուսումնական խորհուրդի յանձնախումբէն Մակի Նալպանտեան եւ դպրոցներու տնօրէնուհիներ Մայտա Մելքոնեան (Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ, Մեսեչուսեց), Լալա Տէմիրճեան («Մուրատ» վարժարան, Ռոտ Այլընտ)։
Ներկայ էին նաեւ Հայ համացանցային համալսարանին կողմէ համագործակցութեան եւ գործառնական ղեկավար Արփինէ Թաւաքալեան եւ մանկավարժ Անի Տեկիրմենճեան, որոնք ճիգ չեն խնայեր աշակերտներուն կարիքները հոգալու։
Ուսուցիչներէն ներկայ էին՝ Լենա Նազարեան, Թալին Կիրակոսեան, Սօսի Միշոյեան Արթուր Ադայեան։
Հանդիպումները սկսած են, սակայն նոր պատանիներու ներկայութիւնը միշտ ողջունելի է։ «Սիամանթօ»ի առաքելութիւնը երիտասարդութեան հայեցի կրթութիւնն է, որ իր հերթին զօրաւոր Սփիւռքի մը գրաւականն է ու հրամայականը։