ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, 17 Սեպտեմբերին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան հրաւէրով, Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ կատարուեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ նորագոյն գործողութիւններուն վրայ:
Ցուցարարները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին բոլոր զոհուած հայ զինուորներու յիշատակը:
Ցոյցին գլխաւոր բանախօսը՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, դատապարտեց այն իրողութիւնը, որ ամերիկեան իշխանութիւնները կը շարունակեն օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին եւ պահանջեց անյապաղ դադրեցնել Ատրպէյճանին յատկացուող բոլոր օգնութիւնները:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտի Քասախեան, որ զօրակցութիւն յայտնեց ցոյցի կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն:
Բողոքի ցոյցի կազմակերպիչները մօտաւորապէս մէկ ժամով կրցան կասեցնել Լոս Անճելըսի ամէնէն բանուկ փողոցներէն մէկը հանդիսացող Ուիլշըր պողոտայի երթեւեկը: