ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Շաբաթ օր արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ յատկապէս Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի հարցին: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կը գտնուի ոսկեայ առիթի մը դիմաց՝ աւելցնելով, որ այդ առիթը կրնայ անկրկնելի ըլլալ:
«Ասիկա մեր միակ առիթն է, որպէսզի Լիբանան կարենայ քարիւղ եւ կազ արտահանել՝ լուծելու համար իր տնտեսական, ապրուստի եւ կենցաղային տագնապները», ըսաւ ան:
Քարիշի հանքէն քարիւղ եւ կազ արտահանելու աշխատանքը յետաձգելու մասին խօսելով՝ Նասրալլա յայտնեց, որ անոր յետաձգումին պատճառները կարեւոր չեն, «այլ կարեւորը այն է, որ Քարիշի հանքէն արտահանումները չկատարուին նախքան ծովային սահմանագծումը, որովհետեւ Քարիշը վիճելի հանք է: Հետեւաբար, մենք պիտի չարտօնենք Քարիշի հանքէն արտահանումները, մինչեւ Լիբանան իր արդար իրաւունքները չստանայ»։
Նասրալլա հաստատեց, որ Իսրայէլին կատարած բոլոր սպառնալիքները ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին իրենց վրայ: ««Հըզպալլա» լրջօրէն կը հետեւի լիբանանեան պետութեան վարած բանակցութիւններուն՝ իր աչքերը եւ հրթիռները պահելով Քարիշի վրայ», ընդգծեց ան:
Նասրալլա նաեւ մաղթեց, որ մօտիկ ապագային, հանրապետութեան նախագահը եւ վարչապետը կարենան նոր կառավարութիւն մը կազմել՝ նկատի ունենալով կառավարութեան գոյութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան հաստատեց, որ պէտք չէ հասնինք այնպիսի փուլի մը, որ նախագահական աթոռը թափուր մնայ:
«Պատասխանատուութիւնը կ՛ենթադրէ, որ բոլոր կողմերը զիջին, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր կառավարութիւն մը կազմել», ըսաւ ան:
Ան հաստատեց նաեւ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը՝ զօրակցութիւն յայտնելով այն կոչերուն, որոնք կը թելադրեն համախոհութեամբ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը:
Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայաններու ջարդի քառասուն ամեակին՝ շեշտելով, որ ճիշդ է այն իրականութիւնը, թէ իսրայէլացիները գործած են այդ սպանդը, «սակայն անիկա գործուած է լիբանանեան որոշ ուժերու մեղսակցութեամբ», հաստատեց ան: