ՎԻԵՆՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցող արհեստավարժ թենիսի միջազգային մրցաշարքին առաջին հանգրուանի մրցումներուն, երկրորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10ին ապահովեց երկրորդ հանգրուանին մասնակցելու իր տոմսը, 6-7 (6-8), 6-2, 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք արժանթինցի Խուան Իկնասիօ Չելան։
24ամեայ Նալպանտեան, որ առաջին սէթին պարտուեցաւ, այժմ միայն մէկ կէտի պէտք ունի, եղանակի վերջին մրցաշարքին՝ «Մէսթըրզ բաժակ» մրցաշարքի իր մասնակցութիւնը բերելու։
Վերոնշեալ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի լաւագոյն թենիսմէններու ընդհանուր դասաւորման առաջին ութը դիրքը գրաւող մարզիկները։
Նկարին մէջ, Դաւիթ Նալպանտեան Երեքշաբթի օրուան մրցումին ընթացքին: