
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Դաւիթ Բաբայեան պիտի ըլլայ գլխաւոր խօսողը հանրային հանդիսութեան մը, զոր կազմակերպած է Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական խորհուրդը: Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2022ի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ, Պրպենք:
Դոկտ. Բաբայեան Միացեալ Նահանգներ հրաւիրուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ: Ան պիտի գլխաւորէ պատուիրակութիւն մը՝ հանդիպումներ ունենալու համար քոնկրեսական եւ նահանգային ղեկավարներու հետ: Ան նաեւ պիտի մասնակցի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած գիտաժողովին եւ ստանայ «Ազատութիւն» պատուոյ մրցանակը, Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Բաբայեանի շրջապտոյտը պիտի ընդգրկէ տեսակցութիւններ տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային պաշտօնակատարներու, մասնագիտական-ուսումնասիրական կեդրոններու, ակադեմական եւ քաղաքականութիւն ճշդող հաստատութիւններու եւ համայնքային ու մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ՝ նպատակ ունենալով զանոնք լուսաբանել Արցախի ու Հայաստանի ինքնիշխանութեան սպառնացող լուրջ վտանգներուն մասին:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ իր մատուցելիք զեկոյցին մէջ, դոկտ. Բաբայեան պիտի անդրադառնայ 2020ի 44օրեայ պատերազմին պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման երթին, վերազարգացման եւ աճին:
2021ին, դոկտ. Բաբայեան դիմած էր միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու հարցով, բարձրաձայնելով Ատրպայճանի կողմէ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտումները:
«Պատիւ ունինք եւ մեծապէս ուրախ ենք հիւրընկալելու դոկտ. Դաւիթ Բաբայեանի նման անձնաւորութիւն մը, որ գաղութս պիտի լուսաբանէ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայներուն մասին: Կը քաջալերենք, որ բոլորդ ներկայ գտնուիք», ըսաւ Համահայկական խորհուրդի այժմու համադրող Լենա Պօզոյեան:
26 Սեպտեմբերի միջոցառման մուտքը ազատ է: Պիտի ըլլայ հիւրասիրութիւն: Առաջնորդարանի հասցէն է՝ 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական խորհուրդը հիմնուած է 2019ին, Քալիֆորնիոյ Պըրպենք քաղաքինին մէջ՝ մէկտեղումովը շրջանի հայկական գլխաւոր կազմակերպութիւններուն: Ներկայիս անիկա կը բաղկանայ 25 կազմակերպութիւններէ եւ հաստատութիւններէ: Անոր նպատակն է՝ հայ համայնքի ընդհանրական շահերը պաշտպանել: