Իրաւաբան Լարա Գայայեանի Դամբանականը՝ Առ ի Լեւոն Գաթրճեան

Լեւոն Գաթրճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա 1940ին։ Անոր հօր ընտանիքը եղած է բազմանդամ, սակայն բարբարոս թուրքերու կողմէ ջարդուելով՝ անոնցմէ միայն երեքը կը փրկուին, որոնցմէ մէկը՝ Լեւոն Գաթրճեանի հայրը՝ Պօղոս Գաթրճեան։ Մայրն էր՝ Նազելի Գաթրճեան։
Դեռահաս տարիքին, Գաթրճեանի հայրը ունէր շուն մը, զոր ան գտած էր իր դեգերումներուն ընթացքին, երբ օր մը երեք թուրք երիտասարդներ կը յայտնաբերեն պատանին եւ իր շունը գետեզերքին եւ կ՛որոշեն սպաննել զայն, որովհետեւ ան «կեաւուրի» զաւակ էր։ Երեք անգամ կը փոռձեն զայն խեղդել գետին մէջ, շունը կ՛ազատէ Պօղոսը։ Այսպէս, այդ փրկուած «որսէն» կը ծնի Լեւոն Գաթրճեան։
1958ին ան կը փոխադրուի Լիբանան եւ կը յաճախէ Լիբանանի Պետական երաժշտանոցը, ուր կը հետեւի ձայնամարզութեան։ 1965էն ետք, ան տուած է առաւել քան 2000 համերգներ։
Իր ձայնապնակներուն մեծ մասին համար ան երգած է Երեւանի նուագախումբին ընկերակցութեամբ։ Տասնեակ անգամներ ան այցելած է հայրենիք, ուր յաճախ երգած է ֆիլհարմոնիայի շքեղ դահլիճին մէջ, արժանանալով բոլորին բարձր գնահատանքին։
Գաթրճեան ամբողջութեամբ հայկական երգացանկով երգած է Փարիզի աշխարհահռչակ «Օլիմփիա» հանդիսասրահին մէջ, արժանանալով հայ եւ օտար ունկնդիրներու յատուկ գնահատանքին։
Ան կը փոխադրուի Լոս Անճելըս, ուր տարիներով կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ։ 1963էն ետք, Գաթրճեան գլխաւոր մեկնաբանն էր եւ մենակատարը Լիբանանահայ ժողովրդային բազմաթիւ երգչախումբերու եւ նուագախումբերու։ Ան հեղինակ է աւելի քան 400 երգերու, ինչպէս՝ «Եարը մարդուն եարայ կու տայ», «Սիրեկան», «Ինչու Սիրեցիր» եւ «Հաճնոյ Աղջիկ»։
1987ին մասնաւոր հրաւէրով ան կ՛երթայ Հայաստան՝ մասնակցելու Սայաթ Նովայի ծննդեան 275ամեակին։ Ան կ՛արժանանայ «Մելոտիա» ընկերութեան «Ոսկեֆոնտ Լոնկ Բելի» մրցանակին, իր կատարած Սայաթ Նովայի «Ախ Չիմ Քաշի» երգին համար։
Տարիներու ընթացքին ան արժանացած է զանազան շքանշաններու՝ ներարեալ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, զոր ընծայեց Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, 2014ին։
Հայ երգը հոգին էր Լեւոն Գաթրճեանի։ «Զիս երրորդ դասարանէն դուրս թողեցին։ Ինծի մնաց երգը, յուասահատ պահերուն անիկա կորով կու տար։ Կը յիշէի հօրս անցեալը, մօրս մրմուռները, եւ ինծի կը թուէր, թէ երգը այն հաւատարիմ շունն է, որ զիս ջուրէն դուրս կը քաշէ», ըսած էր ան։
Հաւատարմութիւնը, համեստութիւնը, անկեղծութիւնը եւ արդարութիւնը շատ մեծ դեր ունէին Գաթրճեանի կեանքին մէջ։ Մարդ մը՝ որ մէկ նայուածքով կը դատէր ուրիշին անձնաւորութիւնը, մարդ մը՝ որ իր լուռ նայուածքով յարգանք կը պարտադրէր։
«Ես քեզ կը սիրեմ կեանք» կը բացագանչէր եւ կ՛երգէր ամէն տեղ, ուր հայ կար, որպէսզի վար պահէր հայապաշտպան ջահը, որպէսզի անմահացնէր հայ երգը, հայ մշակոյթը եւ սէր մշակէր հայ երիտասարդներուն հոգիներուն մէջ։
Գաթրճեան ունէր մէկ հայրենիք։ Որպէսզի հասկնանք անոր խորունկ սէրը Հայաստանի հանդէպ՝ ահաւասիկ անոր բառերը.
«Իմ ՀայաստանՀայրենիք մայր է
Զաւակներին տուն, ապաստան,
Իմ մայրը Սուրբ, ես չեմ փոխի,
Թէկուզ աշխարհն էլ ինծի տան։
Իմ Հայաստան, անյքան թանկ ես
Դու ինձ համար, Որքան թանկ ես
Մայրն իմ անուշ, որ չունի գին։
Մեր պապերի ձեռքով կերտուած դու մեծ ոստան,
Ողջ հայութեան հարազատ տուն, իմ Հայաստան։
Մօրս նման նոյն ակունքն ես,
Աղբիւր սիրոյ, խաղաղութեան,
Հօրս պէս նոյն հպարտն ես,
Գանձ Արարատ մեր գույութեան։
Մայրս եւ դու միաձուլուած
Դարձել էք մի մայր Հայաստան,
Բազում ողջոյն արշալոյսիդ
Ու վերելքիդ ամէնօրեայ։
Իմ Հայաստան, այնքան թանկ ես դու ինձ համար»։
Գաթրճեան հայ երգը կը գործածէր իբրեւ սուր։
«Մանկութենէս կրեցի զրկանքներ, զորս մօր կաթի պէս ըմպեցի, հոգեցունց յիշողութիւններ, որոնք եթէ ձեռքս սուր չի տուին, տուին երգը, պայմանով որ սուրի պէս գործածեմ զայն»։
Ան իր բարձրաթռիչ եւ հնչուն ձայնով, հայկական ոգիով եւ ապրումներով լեցուն իր հարազատ աշուղական մեկնաբանութեամբ կերտեց հայ երիտասարդ սերունդի ինքնութիւնը եւ օժանդակեց հայ ազգի մշակութային արժէքները պահպանելու նուիրական եւ սուրբ գործին։
«Հայ երգիչը ճամբորդ է. անոր ճամբան դժուար է ու երկար։ …Ես հիւանդ հոգիներ կը փրկեմ եւ երգով իմ հոգիս ալ կը բուժեմ»։
Սայաթ Նովան անոր ուսուցիչն էր.
«…Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երգչախումբին մէջ կ՛երգէի։ Վանքին քով կրպակ մը կար, ուր ձայնապնակներ կը վաճառէին։ Հոն ժամերով կը կենայի ու երգ կը լսէի. միակ հաճոյքը, որ առանց դրամի կ՛առնէի։ Գարնան ծաղիկներու պէս աչքերուս դէմ կը բացուէին Կոմիտասը, Հայ աշուղներ։ Հոն ես գտայ Սայաթ Նովան, արարիչ մը, որ իմ կեանքիս ուղեկից դաձաւ։ Սայաթ Նովան անարգել մուտք կը գործէր հայուն հոգւոյ փակ դռներէն ներս»։
Հոն, ինն տարեկանին, Գաթրճեան կը սկսի երգել Սայաթ Նովայի երգերը, եւ հոն Սայաթ Նովան կը դառնայ իր աշխարհի եւ երգի բացակայ եւ ոչ-բացակայ ուսուցիչը։
Տարիներու ընթացքին ան դարձաւ Սայաթ Նովայի եւ աշուղական երգերու լաւագոյն թարգմանիչը, վերակենդանացնելով Սայաթ Նովայի եւ մեր հերոսներուն փառքը աշխարհի տարածքին։
«Ուր էլ գնամ, իմ տունը Հայաստանն է»։
29 Յունիս 2022ին, ան սկսաւ մագլցիլ մեր հայոց սարը Արարատ, իր հետ ունենալով Աստուած՝ իբրեւ պահապան։
Քալեց ու քալեց, մագլցելով ու մագլցելով, երբեմն երգելով, երբեմն ասմունքելով, երբեմն սողալով, անցաւ փուշերու մէջէն եւ քարերու վրայէն, մագլցելով եւ աղօթելով՝ չգիտնալով, որ երբ կամ եթէ պիտի հասնէր Արարատի գագաթը։
Արարատի վրայ ան զգաց շշուկները մեր նահատակուած զինուորներուն, զգաց քաջն Վարդանի զօրութիւնը եւ կամքը, Խրիմեան Հայրիկի հմտութիւնը, հայասիրութիւնը եւ նուիրումը ու Անդրանիկ փաշայի սաւառնող հոգին։
«Հոն է Աստուած», ըսաւ, խոր լռութենէ մը ետք, — «Հոն Արարատի գագաթը»։
Արարատի գագաթը պէ՜տք էր հասնէր, ձիւներուն մէջ ինկաւ բայց նորէն ոտքի ելաւ եւ հասաւ գագաթը Արարատի։ Արիւն կար իր մաշկին վրայ եւ ցաւ սիրտին մէջ, ձեռքերը տարածեց լայն եւ մէկ դարձաւ ան Սայաթ Նովայի, Կոմիտասի, Գրիգոր Զօհրապի, Սիամանթոյի եւ Րաֆֆիի հոգիներուն հետ։ Մէկ էութիւն կեանքին հետ։
Եւ հոն Արարատի գագաթը բռնեց ձեռքը Աստուծոյ։
Իր երգը արձագանգեց Մասիսի, Արարատի, Չարսանճագի լեռներուն մէջ, Սայաթ Նովայի եւ Կոմիտասի հնչիւններուն հետ, Գաթրճեան շառաւիղին արդար շնչառութեան հետ, իր նախնիներու մարած ձայներուն հետ։ Հոն էր իր տունը։ Արարատը կու լար։
Գաթրճեան, մեր ազգային սէրը քեզի հանդէպ անբացատրելի է, անբիծ կանաչ եւ խիտ, կանաչ, կանաչ մեր մայրենի ծառերու տերեւներուն նման, խորունկ է մեր պապերու անցեալի եւ մեր հազարամեայ անբացատրելի հայոց պատմութեան նման, որոնց արմատները մխրճուած են մեր տարածուած Մասիսի եւ Արարատի տակ, մեր հայրենի խաղողի այգիներուն տակ, մեր Հայաստանի եւ Արցախի հողերուն տակ։ Դուն քու կեանքը նուիրեցիր հայ ազգին, հայ երգին եւ հայապաշտման։ Կուրօրէն աղօթեցիր մեր մանուկներուն համար, մեր նահատակուած Արցախի զինուորներուն համար եւ մենք գիտենք, որ քու ձայնը Աստուած միշտ լսած է։
Մեր ազգին սէրը ձեզի հանդէպ ներկայութիւն ունի անբացատրելիին եւ բացատրելիին մէջ, Աստուծոյ լոյսին եւ մեր հաւատամքին մէջ։
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ։
Երգդ կը մնայ անմահ մեր սիրտերուն մէջ։