Ներողութիւն, բայց Խալտէն ի՞նչ է: Բնական հարցում մը: Խալտէն այն շրջանն է, ուր կը գտնուի Պէյրութի միջազգային օդակայանը, եւ ուր լիբանանահայութիւնը անցեալ շաբաթ «ջերմ» ընդունելութիւն մը վերապահած էր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի:
Ուիլշըրն ալ (բացատրենք Քալիֆորնիայէն դուրս ապրող մեր ընթերցողներուն) Լոս Անճելըսի այն պողոտան է, ուր կը գտնուի թրքական հիւպատոսարանը եւ ուր անցնող Երեքշաբթիէն մինչեւ Շաբաթ հացադուլ կատարեցին մօտաւորապէս երկոտասնեակ մը ամերիկահայ տղաք ու աղջիկներ՝ ընդդէմ թրքական ուրացման քաղաքականութեան:
Այս երեւոյթը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ հայութեան քաղաքական օրակարգը կը զանցէ աշխարհագրական հեռաւորութիւնները: Էրտողան Պէյրութի թէ Լոս Անճելըսի մէջ նոյն պատգամը ստացաւ հայութենէն, ու այդ պատգամը կրնայ շուտով տարբեր ձեւակերպում ստանալ յառաջիկայ ամիսներուն, երբ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու տան օրակարգին վրայ դրուի Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը: Այս մասին իրապաշտութեան վկայագիր մըն ալ կ’արժէ տալ Ուաշինկթընի մէջ թուրք դեսպանին:
Մէկ կողմէ լիբանանահայութիւնը, իր քաղաքական բոլոր հոսանքներով անխտիր, միւս կողմէ ամերիկահայութիւնը, յատկապէս անոր երիտասարդ սերունդը, լաւապէս գիտակից են թրքական վտանգին: Այդ վտանգը կը սպառնայ ոչ միայն Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու բերումով Մ. Արեւելքի կայունութեան, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին, որովհետեւ Թուրքիոյ անպատիժ մնացած ըլլալու հանգամանքը միայն նորանոր նախճիրներու թատերաբեմեր կը յարդարէ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ:
Այո, մէկ կողմէ Թուրքիոյ ոճրագործ դիմագիծը աշխարհին բացայայտող բազմահազար լիբանանահայ երիտասարդ ցուցարարներ, միւս կողմէ, հայութեան քաղաքական պահանջներուն տիրութիւն ընելու գիտակցութեամբ զինուած խումբ մը ամերիկահայ երիտասարդներ, կը գտնուին պայքարի նոյն խրամատներուն մէջ: Մէկ կողմէ բողոքի ցոյց ու հաւաք, միւս կողմէ խորհրդանշական հացադուլ: Միջոցները՝ տարբեր, սակայն նպատակը՝ նոյնը:
Ուիլշըրէն մինչեւ Խալտէ բազմահազար մղոն հեռաւորութիւնը խզուած է: Էրտողանի կառավարութիւնը ստացած է մեր պատգամը: