ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10ին իր կուսակցութեան խմբակի նիստի ընթացքին դարձեալ անդրադարձաւ Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրինագիծին ու խիստ արտայայտութիւններ ունեցաւ Ֆրանսայի հասցէին: Վարչապետը ըսաւ, որ այս օրինագիծին վաւերացումը «ոչինչ կը փոխէ Թուրքիոյ մէջ, բայց շատ բան կը փոխէ Ֆրանսայի համար»։
Էրտողան խօսեցաւ Ֆրանսայի կողմէ գործուած «սպանդներուն» մասին եւ ըսաւ, որ Թուրքիա անոնց հանդէպ Փարիզի որդեգրած քաղաքականութիւնը պիտի չվարէ: Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ նաեւ, թէ օրինագիծը «պատմական սուտ մը» կը պաշտպանէ եւ ասպարէզ կը կարդայ Եւրոմիութեան չափանիշներուն։ Էրտողան յիշեցուց, որ կարծիքի ազատութիւնը կարեւոր տեղ ունի Եւրոմիութեան համար եւ քաղաքագէտներն եւ մտաւորականները պէտք է ազատ ըլլան իրենց կարծիքները արտայայտելու որեւէ նիւթի շուրջ:
«Ո՞վ Ֆրանսայի իրաւունք տուած է զբաղելու միայն Թուրքիան ու Հայաստանը շահագրգռող նիւթով մը։ Այսպիսի օրէնք մը ոչ մէկուն գոհունակութիւն պիտի պատճառէ, բացի ափ մը հայերէ», աւելցուց ան:
Էրտողան ըսաւ, որ Ֆրանսայի օրինագիծը կը յիշեցնէ այն օրերը, երբ կը պատժուէին բոլոր անոնք, որոնք կը պնդէին, թէ երկրագունտը կլոր չէ եւ ափսէի մը կը նմանի:
Իր կարգին, ընդդիմադիր «Շիտակ ուղի» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նիւզհէթ Քանտեմիր ըսաւ, որ Թուրքիոյ համար շատ վտանգաւոր կացութիւն մը պիտի ստեղծուի, եթէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը հասնի Եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեան։ Ան աւելցուց, որ իր կուսակցութիւնը կը զօրակցի բոլոր այն տնտեսական ու քաղաքական միջոցառումներուն, որոնք կառավարութեան կողմէ պիտի ընդունուին Ֆրանսայի դէմ։
Թրքական մամուլը նաեւ կը գրէ, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք եւ անոր կառավարութեան անդամները դէմ են օրինագիծին։ Շիրաք Երեւանի մէջ եւս չէ պաշտպանած օրինագիծը, խօսելով հանդերձ Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան մասին: