Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 77րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: «Արմէնփրէս»ին այս մասին յայտնեցին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Վարչապետը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ձեռնարկուած լայնածաւալ յարձակումին` կարեւոր նկատելով տեղի ունեցածին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու յստակ դիրքորոշումները եւ գնահատականները: Ան բարձր գնահատեց անձամբ Պլինքընի ջանքերը` բանակցային գործընթացին եւ երկխօսութեան աջակցելու ուղղութեամբ:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ ատրպէյճանական գործողութիւններու դատապարտման, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրսբերման, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձի ապահովման եւ մարդասիրական այլ հարցերու ուղղութեամբ համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:
Պլինքըն ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու ջանքերը բանակցային խաղաղ գործընթացին, կարեւոր նկատելով Արցախի տագնապի համապարփակ եւ երկարատեւ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, նաեւ՝ Արցախի ժողովուրդին համար: Ան կարեւոր նկատեց Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եռակողմ հանդիպումը եւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ երկխօսութիւնը յառաջիկային եւս կը շարունակուի։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան նաեւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: