Համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն, թէեւ հայ ժողովուրդը կրեց մարդկային, նիւթական, մշակութային ծանր կորուստներ, սակայն հայ զինուորը եւ սպան կերտեցին հերոսական էջեր։
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ. թէ «Թէքէեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Հայ Սպաներ. Հայաստանի Հանրապետութեան Բանակի Սպաներ 1914-1920 թթ.» գիրքին շնորհահանդէսը։ Հանրագիտարանային արժէք ներկայացնող հսկայական այս հատորը (1390 էջ ծաւալով) տեղեկութիւններ ունի նշեալ պատերազմին մասնակցած առաւել քան եօթը հազար հայերու, ինչպէս նաեւ 1918-1920ի Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին մէջ ծառայած հայ սպաներու եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներու մասին։
Գիրքին հեղինակներն են՝ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ամատունի Վիրաբեան եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սոնիա Միրզոյեան։ Հետազօտութիւնը իրականացած է Հայաստանի ազգային արխիւի, ռուսական արխիւներու եւ պատմական զանազան աղբիւրներու հիման վրայ։
Ըստ Վիրաբեանի՝ իրենց նպատակը եղած է ոչ միայն կենսագրական տեղեկութիւններ հաղորդել հայ սպաներու եւ անոնց անձնուրաց գործունէութեան մասին, այլ նաեւ հերքել այն թիւր կարծիքը, թէ հայերը միայն արհեստաւորներ կամ վաճառականներ եղած են նաեւ Ռուսական կայսրութեան մէջ։
«Այս գործը սկիզբ ունի, բայց վերջ չունի, որովհետեւ գործը կը շարունակուի այսօր։ Այս աշխատանքով մոռացութենէ փրկեցինք եօթը հազար սպաներու անունները, ներկայացուցինք լուսանկարներ, որոնք երբեք չեն հրապարակուած։ Բացի այդ, փորձեցինք ցոյց տալ, որ ունեցած ենք այնպպիսի հայ սպաներ, որոնց յաղթական գործը պէտք է շարունակուի այսօր», կը յայտնէ հեղինակը՝ աւելցնելով, որ գիրքը արխիւային մասնագէտներու քանի մը տասնամեակներու քրտնաջան աշխատանքին արդիւնք է։
Հայաստանի «Թէքէեան» մշակութային միութեան նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ռուբէն Միրզախանեան գիրքին հրատարակումը կարեւոր համարեց պատմական տեսանկիւնէ։ «Եօթը հազար սպայ, վաթսուն զօրավար, որոնց մեծ մասը արժանացած է կայսրութեան բարձրագոյն զինուորական կոչումներու եւ պատիւի: Ռուսական պետութեան նման աւելի մեծաթիւ ազգերը չեն ունեցած այդքան արդիւնաւէտ, լուրջ եւ պատմականօրէն նշանակալի դեր։ Միւս կողմէ, որեւէ այլ պետութեան բանակին մէջ այսքան մեծ թիւով հայ սպաներ չեն եղած», ըսաւ Միրզախանեան։
Հրատարակութեան նիւթական ծախսերը հոգացած է բարերար Հրաչեայ Պօղոսեան