Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւնը սկիզբէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու համար վնասակար եղած է, եւ այդ մէկուն գլխաւոր պատճառը կարելի է նկատել մարդկային իրաւանց գծով Թուրքիոյ դիրքը։ Պաղ պատերազմի տարիներուն Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքը Միացեալ Նահանգները մղեց զայն կարեւոր դաշնակից մը սեպելու, սակայն Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Թուրքիոյ աննշան ըլլալը ի յայտ եկաւ, իսկ Իրաքի պատերազմը եկաւ շեշտելու այդ մէկը։ Մինչ Թուրքիա կը շարունակէ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխել եւ Իրաքը ապակայունացնել, Պուշի վարչակազմը մինչեւ օրս տակաւին պէտք եղած քայլերուն չէ դիմած անոր նկատմամբ։
Թուրքիա մինչեւ օրս դէմ կը կենայ անկախ Քիւրտիստանի մը կերտման գաղափարին՝ վախնալով, որ այդ մէկը կրնայ ապագային ճամբայ հարթել Թուրքիոյ քիւրտերուն ալ անկախացման։ Անոնք կը հաւատան, որ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու իրաւունքներու ոտնակոխումը արդարացնելու համար քիւրտերը պէտք է ամէն տեղ ոտնակոխ ըլլան։
Հետաքրքրական է գիտնալ, որ արդեօք Միացեալ Նահանգներ ինչո՞ւ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Թուրքիոյ՝ հակառակ մարդկութեան դէմ անոր գործած ոճիրներուն եւ քիւրտերուն, հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն դէմ անոնց ցուցաբերած թշնամութեան։ Այս իմաստով Միացեալ Նահանգներու դիրքը անբացատրելի է, որովհետեւ ամերիկեան իշխանութիւնները տասնամեակներ շարունակ առատաձեռնօրէն օգտակար դարձած են թուրքերուն՝ անտեսելով մարդկային իրաւանց անոնց ոտնակոխումները։ Անոնք թուրքերուն նեցուկ կանգնած են, հակառակ անոր, որ այս վերջինները գործած են 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ աւելի զարմանալին այն է, որ ամերիկացիք իրենց բարեկամ թուրքերէն չեն խնդրեր անգամ ճանչնալ այդ ոճիրը։
Այս անըմբռնելի վիճակը իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ ամերիկացիք Թուրքիան կը նկատեն Միջին Արեւելքի ժողովրդավարութեան լաւագոյն օրինակը՝ արդարացնելու համար անոր տրամադրած իրենց անբացատրելի օժանդակութիւնը։ Այս մէկուն իբրեւ փաստ՝ ամերիկացիք կը խօսին Թուրքիոյ ընտրութիւններուն եւ սահմանադրութեան մասին, նկատի ունենալով, որ այս երկուքը ժողովրդավարութեան հիմքերն են եւ անոնց միջոցով է, որ կարելի կ՚ըլլայ քաղաքական կեանքին մէջ ունենալ ճիշդ եւ արդար ներկայացուցչութիւն։ Պէտք է ըսել սակայն, որ սահմանադրութիւնը անհրաժեշտ է ժողովրդավարութեան համար, բայց ան պէտք է բարոյականօրէն արդար ըլլայ եւ երկրի մը բոլոր քաղաքացիներուն վերաբերի։ Թրքական սահմանադրութիւնը, սակայն, Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները թուրքեր կը նկատէ եւ այդպիսով կ՚անտեսէ բոլոր ոչ թուրք քաղաքացիները։
Միւս կողմէ, Թուրքիա տասնամեակներէ ի վեր վայրագ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ քիւրտերուն հանդէպ, մանաւանդ որ Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը պայքար կը մղէ արդարութիւն եւ հաւասարութիւն պարգեւող դրութիւն մը հաստատելու համար։ Այս մէկուն թիւ մէկ պատասխանատուն թրքական իշխանութիւններն են, որոնք կու գան զինուորական ծայրայեղ շրջանակներու նեցուկով. ճիշդ այս պատճառով է, որ Թուրքիոյ մէջ իրապէս ժողովրդավարութիւն գոյութիւն չունի։ Աւելի՛ն. Թուրքիոյ մէջ կաշառքը, զեղծարարութիւնը եւ կողմնակալութիւնը մնայուն եւ բացայայտ ազդակներ են, ինչ որ դարձեալ հարցականի տակ կ՚առնէ անոր ժողովրդավար ըլլալը։ Այս բոլորին լոյսին տակ կարելի է եզրակացնել, որ այն անձը, որ Թուրքիան ժողովրդավար կը նկատէ, իրականութեան մէջ չի գիտեր ժողովրդավարութեան իմաստը։
Այս հանգրուանին նախագահ Ճորճ Պուշ կրնայ ամերիկեան սխալը ճշդել Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին՝ հետեւեալ խօսքը ըսելով անոր. «Պրն. Էրտողան, բա՛ւ է մեր լսածը քիւրտերուն հանդէպ ձեր վերաբերմունքին եւ աշխարհի մեծագոյն ոչ անկախ ժողովուրդի անկախացման երազներուն դէմ ձեր ընդդիմութեան մասին։ Կը ցաւակցիմ քիւրտերուն եւ կը գիտակցիմ, որ անոնք որքան չարչարուած են իրենց երկրին համար։ Երկար ժամանակ արտօնեցինք, որ ձեր ղեկավարները իրենց ցանկացածին չափ անհանդուրժողականութիւն ցուցաբերեն եւ այդ ոճով գործեն։ Աւելի՛ն. պէտք եղած նիւթական, քաղաքական եւ զինուորական օժանդակութիւնը տրամադրեցինք շռայլօրէն, սակայն դուք այդ մէկը շահագործեցիք ձեր նախապաշարումներն ու քարոզչութիւնը սնուցանելու համար։ Այս բոլորը այլեւս տեղ չունին ներկային մէջ, եւ անոնք միայն ձեր անցեալի յիշատակներ են։ Անցեալին նոյնիսկ նեցուկ կանգնեցանք Եւրոպական միութեան ձեր անդամակցութեան, հակառակ անոր, որ ձեր ազգը եւրոպական արժէքներ չունի։
«Քիւրտերը Սատտամի եւ ահաբեկիչներու դէմ մեր պայքարին մէջ շատ կարեւոր դաշնակիցներ էին, եւ անոնք ամերիկացիներուն հանդէպ յարգանք ունին, մինչ ձեր ժողովուրդին մօտ հակաամերիկեան հակումները յայտնի են եւ բազմաթիւ. հետեւաբար մենք որոշած ենք յուսախաբ չընել մեր քիւրտ բարեկամները՝ գոհացնելու համար հին բարեկամ մը, որ փաստած է իր ապերախտ ըլլալը։ Ազատ եւ անկախ Քիւրտիստանի մը ստեղծումը անխուսափելի է, որովհետեւ այդ մէկը վճռական քիւրտ ժողովուրդին կամքն ու երազն է, եւ ազգի մը կամքը կարելի չէ շրջանցել։ Այդ պատճառով դուք այլընտրանք չունիք, բացի քիւրտերու հանդէպ ձեր երկարամեայ թշնամութեան վերջ դնելէ։ Ազատ եւ անկախ Քիւրտիստան մը ձեր շահերուն ալ կը ծառայէ եւ, հետեւաբար, ձեզմէ կը խնդրեմ ոչ միայն ընդունիլ քրտական նոր պետութիւն մը, այլ նաեւ սրտանց ողջունել անոր ստեղծումը։ Անձնապէս պիտի միանամ ձեզի եւ ձեր ժողովուրդին՝ տօնելու համար ազատ եւ անկախ Քիւրտիստանի մը ծնունդը, որուն դրօշակը պիտի ծածանի ձեր սահմաններուն մօտ։ Պէտք է թոյլ տանք, որ այս նոր երկիրը յառաջդիմէ, եւ մենք բոլորս ալ օգտակար պէտք է ըլլանք եւ աջակցինք անոր։ Կը հաւաստեմ, որ անոնք ձեր եւ ձեր ժողովուրդին լաւ բարեկամները պիտի ըլլան»։
«Քըրտիշ Միտիա»