Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչի գրասենեակի փոխղեկավար Դիանա Քարազեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Ատրպէյճան հաստատեց, որ Հայաստանի դէմ 13 Սեպտեմբերին կատարուած յարձակումին իբրեւ արդիւնք իր մօտ կը պահէ 17 ռազմագերիներ՝ ընդգծելով, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանէն մանրամասնութիւններ պահանջած է գերիներուն վերաբերեալ, բայց Ատրպէյճան, ինչպէս միշտ, ընդհանուր տեղեկութիւն տուած է: Այս մասին կը գրէ «Արմէնփրէս»ը:
«Այս պահի դրութեամբ գրասենեակն իր աշխատանքները կենտրոնացրել է ռազմագերիների հետ կապուած հրատապ միջոց կիրառելու ուղղութեամբ: Սակայն Ադրբեջանը ոչ միշտ է այն ինֆորմացիան (տեղեկութիւնը) ներկայացնում, որը պահանջել է ՄԻԵԴը: Ադրբեջանը հաստատել է, որ իր մօտ 17 ռազմագերի է գտնւում, որոնց մասին շատ ընդհանուր տեղեկութիւն է տրամադրել», ըսաւ Քարազեան:
Ըստ անոր՝ դատարանը Ատրպէյճանէն յաւելեալ մանրամասնութիւն ուզած է, յատկապէս գերիներու առողջութեան վիճակին եւ այլ հարցերու վերաբերող, բայց Ատրպէյճան ընդհանուր տեղեկատուութիւն տուած է: Ատրպէյճանի այս վարքագիծը, ըստ Քարազեանի, նորութիւն չէ:
Ան աւելցուց, որ այս պահուն, 44օրեայ պատերազմէն ետք, Ատրպէյճանի մէջ կը պահուին շուրջ 30 գերիներ, որոնց կարգին կան նաեւ քաղաքացիներ:
Քանի մը օր առաջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Թուիթըր»ի վրայ գրած էր, որ ասիկա արդէն երկրորդ անգամն է, երբ Ատրպէյճան կը հրաժարի կատարել հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու իր խոստումը: Ըստ անոր՝ առաջին պարագան Մայիսին էր՝ Պրիւքսէլի մէջ: «Իսկ երկրորդ անգամ՝ հիմա, երբ Վաշինգտոնում Ադրբեջանը պարտաւորուեց ազատ արձակել 17 հայ գերիների մինչեւ Սեպտեմբերի 30ը», գրած Փաշինեան:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ նոր մանրամասնութիւններ ներկայացնելով 27 Սեպտեմբերին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած իր եւ Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպման մասին:
«Սեպտեմբերի 27ին ԱՄՆ նախագահ Ջօ Բայդենի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ջէյք Սալիւանի նախաձեռնութեամբ Սպիտակ տանը տեղի ունեցած իմ եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաջիեւի հանդիպման ժամանակ եռակողմ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել, որ մինչեւ Սեպտեմբերի 30ը Ադրբեջանն ազատ է արձակելու Սեպտեմբերին գերեվարուած 17 հայ ռազմագերիներին: Արձանագրենք, որ հերթական անգամ Ադրբեջանը չի կատարել իր ստանձնած պարտաւորութիւնը», գրած է Գրիգորեան:
From 300 minimum prisoners, only 30 are alive the rest is killed
according their report. Finding few soldiers in a grave, from
1991-1994 war, accusing our side as killers with WRONG
ASSUMPTIONS, to COVER THEIR CRIME: this is CRIMINAL
AZERBAIJAN. THEY MUST PAY VERY HIGH FOR THEIR CRIME
IN FRONT OF INTERNATIONAL COURT.