Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 Հոկտեմբերին, աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակ, այս մասին կը յայտնէ վարչապետին աշխատակազմը` տեղեկացնելով, որ այցելութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի քառակողմ հանդիպումը:
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, որ նոյն օրը նախատեսուած է նաեւ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը:
Փաշինեան պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին:
6 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ Փաշինեան, խօսելով Փրակի մէջ նախատեսուած հանդիպումներուն մասին՝ ըսաւ. «Հիմնական հանդիպումները կը լինեն սրանք, այս ուղղութիւններով, որն, ըստ էութեան` ընդհանուր խաղաղութեան օրակարգի քննարկման մէջ է տեղաւորւում»: