Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի` պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու գտնուող պաշտպանութեան նախարարին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու, կողմերը քննարկած են Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը զարգացնելու, ռազմական մասնագէտներու միջեւ աշխատանքային հանդիպումներ կազմակերպելու կարելիութիւնը:
Իսրայէլ Ատրպէյճանին սպառազինութիւն մատակարարող հիմնական երկիրներէն մէկն է, որմէ Պաքուն կը գնէ ռազմամթերք, հետախուզական եւ յարձակողական անօդաչու թռչող սարքեր, կառավարուող եւ թեւաւոր հրթիռներ: