
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը 4 Հոկտեմբերին միաձայնութեամբ վաւերացուց քաղաքապետական խորհուրդին մէջ Փոքրիկ Հայաստանը ներկայացնող Միչ Օ՛Ֆերըլի առաջարկը, որ 3 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ կարիքաւոր վարձակալներու աջակցելու նպատակին:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ժամանակաւոր նախագահի պաշտօնը ստանձնած Օ՛Ֆերըլի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ դիմումները պիտի սկսին ընդունուիլ 24 Հոկտեմբերին, իսկ օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին այն ընտանիքներուն, որոնց 2021ի եւ 2022ի եկամուտը շրջանի աղքատութեան չափանիշ 80 տոկոսէն ցած է եւ որոնք այս տարուան 1 Ապրիլէն ի վեր յետնեալ պարտքեր ունին իրենց բնակարանատէրերուն։
Նշենք, որ դիմում կրնայ ներկայացնել երկու հոգինոց ընտանիք մը, որուն տարեական եկամուտը 76,250էն ցած է։
Յաւելալ մանրամասնութիւններու համար այցելել https://councildistrict13.lacity.gov/, https://councildistrict13.lacity.gov/rentalaid կայքերը կամ Օ՛Ֆերըլի գրասենեակը, որ կը գտնուի 1722 Sunset Blvd., Los Angeles, CA 90026 հասցէին։