ՊԱՂՏԱՏ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Բժշկական «Լէնսէթ» թերթին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը հասած է այն եզրակացութեան, որ ամերիկեան ներխուժումէն ի վեր Իրաքի տարածքին սպաննուած իրաքցիներուն թիւը 655,000ի շուրջ է, ինչ որ ցարդ հրապարակուած անկախ կազմակերպութեանց տուեալներուն աւելի քան տասնապատիկն է:
Ուաշինկթըն, որ կը պնդէ, թէ սպաննուած քաղաքայիններուն թիւը 30,000ի շուրջ է, «անվաւերական» որակեց այս թիւը:
Միւս կողմէ, Իրաքի իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին հաղորդեցին, թէ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին սպաննուած քաղաքայիններուն թիւը մօտաւորապէս 2700 եղած է, մինչ նախորդ ամսուան զոհերու թիւը 2300ի մօտ էր:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փիթըր Շումէյքըր յայտարարեց, թէ ցամաքային ուժերու ներկայ թիւը անփոփոխ պիտի մնայ մինչեւ 2010: Ներկայիս Իրաք գտնուող աւելի քան 140,000 ամերիկացի զինուորականներուն մօտաւորապէս 120,000ը ցամաքային ուժերուն կը պատկանին: