ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Չորեքշաբթի օր, Ռուսիան ամբաստանեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին բախումները դիտումնաւոր կերպով հրահրելու եւ ոչ միայն Կովկասի մէջ, այլ նաեւ անկէ դուրս իրավիճակը ապակայունացնելու նպատակը ունենալու յանցանքով։
«Վերջին երկու տարիներուն ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ (Հայաստան-Ատրպէյճան) սահմանին վրայ… 5000 ռուս զինուորներ տեղակայուած են սահմանին, բայց ռուսերը կը շահագործեն հարիւրամեակներու պատմութիւն ունեցող հակամարտութիւնը եւ յառաջ կը մղեն Ատրպէյճանի ծրագիրները՝ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ, որպէսզի տկարացնեն Հայաստանը, որուն հետ ժամանակին շատ սերտ յարաբերութիւններ ունէին: Կը տեսնէ՞ք, թէ ինչ կը կատարուի: Ռուսիա կը փորձէ խառնաշփոթ իրավիճակ ստեղծել Կովկասի մէջ, բոլորս ապակայունացնելու համար», ըսաւ Մաքրոն France 2 պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ըստ Մաքրոնի՝ Սեպտեմբերին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ կատարուած Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութեան հաւանական նպատակն էր՝ իր տարածքի մէկ մասէն միւսը միջանցք բանալ:
«Մենք դատապարտեցինք այդ քայլը եւ Եւրոպայի խորհրդին հետ մենք ի մի բերինք Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը եւ որոշեցինք, որ կողմերը նախ պէտք է ճանաչնան 1991ի սահմանները», աւելցուց Մաքրոն:
Մոսկուա «բացարձակապէս անընդունելի» որակեց Մաքրոնի յայտարարութիւնը՝ պնդելով. «Ֆրանսայի նախագահին անհեթեթ կարծիքները կը վկայեն, որ Փարիզ շահագրգռուած չէ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումով»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա աւելցուց, թէ Մոսկուա խաղաղութիւն հաստատելու կոչերէն բացի, ի տարբերութիւն Ֆրանսայի, վճռորոշ ներդրում ունեցած է 44օրեայ պատերազմը կասեցնելու, Արցախի մէջ խաղաղապահներ տեղակայելու, գաղթականները վերադարձնելու եւ դիերը փոխանակելու գործին մէջ:
Նշենք, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք, Մաքրոն աւելի աշխուժ դեր ստանձնած է տարածաշրջանին մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ ունենալով քանի մը հանդիպումներ, որոնց վերջինը անցեալ շաբաթ էր եւ որմէ ետք Եւրոպական Միութիւնը որոշեց առաքելութիւն ուղարկել Հայաստան՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով տեղակայելու եւ սահմանազատման աջակցելու համար: Ըստ «Ազատութեան» փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ եւրոպական առաքելութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան մինչեւ 50 անզէն դիտորդներ։