Կիրակի, 9 Հոկտեմբերը իւրայատուկ օր մըն էր Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական շրջանին համար: Ս. Թարգմանչաց տօնին առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Օրենճ Քաունթիի համայնքին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատոյց, փոխանցեց հոգեշունչ եւ հայատրոփ պատգամ, ապա եկեղեցւոյ վերանորոգուած Մկրտարանի օծում եւ նորօրհնեալ Ս. միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց: Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան եւ եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն մասնակցութեամբ:
Ծխական շրջանը ուրախութեան եւ գոհունակութեան օր մը ապրեցաւ վայելելով առաջնորդ սրբազան հօր օրհնաբեր ներկայութիւնը: Պատարագին ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ տիկինը, Սանթա Անա քաղաքի քաղաքապետ Վիսէնթէ Սարմիէնթօ եւ տիկինը, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգային երեսփոխաններ, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտներ, որոնք հաւատացեալ հոծ բազմութեան հետ եկած էին մասնակցելու եւ հաղորդակից դառնալու օրուան մեսրոպաշունչ խորհուրդին:
Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ ողջունեց Օրենճ Քաունթիի ծխական շրջանը եւ ներկայ պետական ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, ապա իր պատգամին ընդմէջէն ընդգծեց հայ գիրերու գիւտի ու Թարգմանիչ հայրերու անգնահատելի դերը եւ արժէքը ազգի կեանքին մէջ՝ նշելով, որ Թարգմանչաց տօնը հայերուս համար ամէնէն սիրելի եւ փնտռելի տօներէն մէկն է, որովհետեւ կը գիտակցինք, որ թէ՛ պատմականօրէն, թէ՛ ներկայիս մեր գոյութեան եւ ինքնութեան ամէնէն ամուր կռուաններն են մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, Հայ եկեղեցին ու դպրոցը, յատկապէս երբ հեռու ենք Մայր հայրենիքէն: Թարգմանչաց սերունդը վստահեցաւ Աստուծոյ եւ իբրեւ առաջին գործ՝ նախաձեռնեց Աստուածաշունչի հայերէնի թարգմանութեան: Այս տօնին խորհուրդին ընդմէջէն Ոսկեդար ստեղծող մեր յաղթականները այսօր մեզ կը հրաւիրեն մեր կեանքը եւ ազգային ինքնութիւնը վստահելու միայն Աստուծոյ եւ գործել Անոր փառքին համար, որպէսզի իբրեւ ազգ, հայրենիք, եկեղեցի ու մշակոյթ կարենանք անխափան շարունակել մեր երթը դէպի յաւերժութիւն:
Պատարագէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Հայ կեդրոնի ,Ղազարեանե սրահը, ուր տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, որուն ընթացքին Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին Հայ մշակոյթի ամսուան նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր մը, իսկ սրտի խօսքերով հանդէս եկան հոգաբարձութեան փոխատենապետ Կարպիս Գարամարտեան, տեղւոյն վարժարանի տնօրէնուհի Անի Շահինեան Սարգիսեան, շրջանի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք Օրենճ Քաունթիի հայութեան զօրակցութիւնը յայտնեցին քաղաքապետ Սարմիէնթոյի գործունէութեան: Վերջինս, իր կարգին, շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ ներկաներուն, ապա հաստատեց հայանպաստ իր վերաբերումը համայնքի հոգեւոր, ազգային, կրթական, մարզական, մշակութային ու մարդասիրական ծրագիրներուն: Այս առիթով, առաջնորդը երախտագէտ զգացումներով ողջունեց քաղաքապետին ներկայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՋԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ