Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գրասենեակը յայտարարութեան մը միջոցաւ իր խոր անհանգստութիւնը յայտնեց 12-14 Սեպտեմբերի մարտերուն ընթացքին ռազմագերիներու նկատմամբ գործադրուած բռնութիւններուն վերաբերող նոր հաղորդումներէն: Ըստ armradio.am-ի՝ այս մասին գրառում կատարուած է գրասենեակի «Թուիթըր»ի էջին վրայ: «Ամբողջական եւ անաչառ հետաքննութիւնը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկէ պատասխանատուները: 4 Հոկտեմբերին Պաքուի կողմէ 17 հայ ռազմագերիներու վերադարձը նշանակալից էր եւ դրական յառաջընթաց», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.