Ռուսիոյ Ապահովութեան դաշնակցային գրասենեակը՝ «Էֆ.Էս.Պի.»ն, Խրիմի կամուրջին վրայ յարձակումին գծով ձերբակալած է Ռուսիոյ 5 եւ Ուքրանիոյ 3 քաղաքացներ ու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մը՝ Արթուր Տերչանեան, հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Հաստատուած է, որ Խրիմի կամուրջին վրայ գործուած ահաբեկչութեան կազմակերպիչը եղած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր հետախուզական վարչութիւնը», անոր ղեկավար Քիրիլ Պուտանով, աշխատակիցներ եւ գործակալներ«, կ՛ըսուի «Էֆ.Էս.Պի.»ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: