ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Անթալիոյ «Ոսկէ Նարինջ» ֆիլմի փառատօնի այս տարուան մրցանակաբաշխութեան հանդէսին ընթացքին կատարուած ելոյթները Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը ալեկոծելու բնոյթ ունէին։
Լաւագոյն ֆիլմ մրցանակին արժանացաւ Էօզճան Ալփերի «Մութ Գիշերը» ֆիլմը։ Ալփեր Հայաստանի «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի շրջանակներուն եւս ծանօթ բեմադրիչ մըն է՝ իր «Աշուն» եւ «Ապագան Երկար Կը Տեւէ» ֆիլմերով։
«Մութ Գիշեր» ֆիլմին բեմագիրը՝ Մուրատ Ույուրքուլաք, եւս լաւագոյն մրցանակին տիրացաւ այս բաժանմունքին մէջ։ Ույուրքուլաք մրցանակը ստանալէն ետք ըսաւ հետեւեալը․ «Այս մրցանակը տասնամեակներէ ի վեր պետութեան ձեռքով անհետ կորսուած որդիներուն համար պայքարող «Շաբաթօրեայ մայրեր»ուն կը ձօնեմ»։
Իր հետ բեմահարթակ բարձրացած Ալփեր նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ույուրքուքլաքին, ապա աւելուց․ «Խնդիրը տասնամեակ չէ, հանրապետութեան 100ամեակը պէտք է գնահատել եւ ոչ թէ ոմանց համար, այլ բոլորին համար քաղաքացիական հաւասար իրաւունքներ ապահովելով։ Կը մաղթեմ, որ կ՛ունենանք այնպիսի երկրի մը, ուր մայրենի լեզուով խօսելու համար պայքարելու կարիքը չենք ունենար»։
Նաեւ, բանտարկուած Չիղտեմ Մաթեր պարգեւատրուեցաւ Ճահիտէ Սոնքուի անուան մրցանակով։ Մաթեր այս առթիւ Պաքըրգիւղի կանանց բանտէն ուղարկած նամակին մէջ նախ կը թուարկէ Թուրքիոյ ֆիլմի պատմութեան մէջ խորունկ հետքեր թողած կին բեմադրիչներու անունները եւ կ՛ողջունէ մրցանակի անուանատիրոջ աննկուն խիզախութիւնը։
Անթալիոյ փառատօնին ընթացքին գրականութենէ պաշաճեցման մրցանակը շնորհուեցաւ Էլիֆ Ռեֆիին եւ Մուրատ Մահմուտեազըճըօղլուին, որոնք այս մրցանակին արժանացան Զաւէն Պիպէրեանի «Լկրտածը» վէպին բեմագրութիւնը գրելնուն համար։