Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց՝ դադրեցնելու զէնք մատակարարել Ռուսիոյ, որ զանոնք կ՛օգտագործէ պատերազմին մէջ:
Իրան հերքեց այն պնդումները, թէ զէնք կը մատակարարէ Ռուսիոյ։
«Ուքրանիոյ մէջ նուաճողական պատերազմ վարելու եւ Ուքրանիոյ քաղաքացիներու սպանութեան համար զէնք տրամադրելը Իրանը մեղսակից կը դարձնէ Ռուսիոյ յանցաւոր յարձակումին, զինուորական յանցագործութիւններուն եւ Ուքրանիոյ դէմ ահաբեկչական գործողութիւններուն», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիմթրի Քուլեպա նաեւ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց՝ պատժամիջոցներ հաստատելու Իրանի դէմ` Ռուսիոյ օգնելուն համար:
Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ այս շաբթուան ընթացքին, Ռուսիա, օգտագործելով իրանեան անօդաչու թռչող սարքերը, առաւել քան հարիւր հարուածներ հասցուց Ուքրանիոյ քաղաքներուն` վնաս հասցնելով բնակելի շէնքերու եւ քաղաքի ենթակառոյցին:
Միւս կողմէ, «Քոմերսանթ»ը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Քրեմլին տեղեկութիւն չունի, որ Ռուսիա Իրանէն անօդաչու թռչող սարքեր գնած է:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ ռուսական ուժերու հրթիռային հարուածներուն պատճառով ոչնչացուած է Ուքրանիոյ ելեկտրակայաններուն 30 առ հարիւրը: