Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգի հիւսիսը երկրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու ռազմափորձերը: «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Երեքշաբթի օր ռազմափորձերու տարածքը ուղարկուեցան նաեւ Յեղափոխական պահակագունդի յաւելեալ ստորաբաժանումներ:
Ռազմափորձերու տարածքը կ՛ուղարկուին նաեւ զանազան տեսակի հրասայլեր, թնդանօթներ, զրահապատ մեքենաներ, հրթիռային ստորաբաժանումներ, օժանդակ մեքենաներ եւ այլ սպառազինութիւն:
Ռազմափորձերու երկրորդ օրը, տարածքը այցելեց Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօր. Մոհամետ Փաքփուր:
Ռազմափորձերուն ընթացքին կը ցուցադրուին Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու արդիական սարքերը:
Ռազմափորձերը մէկ մասն են տարեկան առաքելութեան, որ ուղղուած է Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու մարտունակութեան բարձրացման: