Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ որոշած է նեցուկ կանգիլ Լոս Անճելըսի քաղաքապետի պաշտօնին համար ընտրապայքար մղող Քերըն Պեսին՝ կոչ ընելով Լոս Անճելըսի հայութեան, որ 8 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն իր քուէն տայ անոր։
«Երկար քննարկումներէ եւ տեղական Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ համակիրներու հետ խորհրդակցելէ ետք, որոշեցինք զօրակցիլ Պեսի ընտրապայքարին, նկատի ունենալով, որ ան վերջին երկու տասնամեակներուն հայութեան նեցուկ կանգնած է թէ՛ Սաքրամենթոյի եւ թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Նշենք, որ Պես Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ ընտրուած էր 2004ին եւ 2008ին ընտրուած էր անոր խօսանկը, իսկ 2010ին ընտրուած էր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ՝ զօրակցելով շարք մը հայանպաստ բանաձեւերու։