Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը անցեալ Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբերին, հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճիմ Քոսթայի հետ (Քալիֆորնիոյ 16րդ ընտրաշրջան), քննարկելով Հայաստանին եւ Արցախին վերաբերող շարք մը հարցեր։
Հանդիպման ընթացքին, Քոսթա շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն պէտք է հասկնայ, թէ Ուքրանիոյ օրինակով Հայաստանին եւս պէտք է ամբողջական աջակցութիւն տրամադրուի, որպէսզի կարենայ լաւապէս պաշտպանուիլ։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քոսթայի ընտրապայքարին ի նպաստ հաւաքի մը ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի երկար տարիներու զօրակից Սեւակ Խաչատուրանի կողմէ, որ քննարկումին ընթացքին յայտնեց, թէ կը ցաւի, որ ամերիկեան լրատուամիջոցները բաւարար ուշադրութիւն չեն դարձներ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ ատրպէյճանական շարունակական յարձակումներուն։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսական Քոսթային, որ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու ջանքերուն։
