Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 11րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրի փոխախոյեան «Ինթեր Միլան»ը, որ հիւրը եղաւ «Ֆիորենթինա»ին՝ արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մինչ կը կարծուէր, որ մրցումը պիտի աւարտի 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան եկաւ կերտելու Միլանի կազմին յաղթանակը, երբ նշանակեց մրցումին 7րդ եւ վերջին կոլը… 90+5րդ վայրկեանին: