Պաշտօնական Ստեփանակերտը կարեւոր կը նկատէ Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ եռակողմ հանդիպումը, սակայն կը նշէ, որ անկէ կարելի չէ ակնկալել վերջնական կարգաւորում եւ խաղաղութիւն:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումի արդիւնքները մեկնաբանեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:
«Նախ եւ առաջ պէտք է գիտակցել, որ մի հանդիպման ժամանակ չի կարող համապարփակ կարգաւորում լինել: Այդպէս չէ, քանի որ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ամենաբարդերից է աշխարհում, թերեւս, այնպիսիններից մէկը ինչպիսին իսրայէլա-արաբականն է: Ամենակարեւորն այն է, որ ուղղակի, անուղղակի ֆիքսուել (հաստատուած) է, որ հարցը փակուած չէ: Ֆիքսուել է, որ կան հարցեր, որոնք համաձայնեցուած չեն եւ պէտք է աշխատել: Յղում է կատարուել մի շարք պայմանաւորուածութիւնների, մասնաւորապէս` 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեանը: Սա շատ կարեւոր է եւ ամենաշօշափելի ձեռքբերումն է», ըսաւ Բաբայեան` հանդիպման արդիւնքներէն դրական նկատելով նաեւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը իրենց վերապահուած պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, ինչ որ, ըստ Բաբայեանի, անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ գոյութիւն ունի համապատասխան կառոյց մը, միաւոր մը:
«Հետեւաբար, այս տեսակէտից պէտք է նայել հանդիպման արդիւնքներին: Ի հարկէ, կարող է փլուել ցանկացած փաստաթուղթ, հանդիպում, բայց դրանք շատ կարեւոր են: Պէտք է հասկանանք, որ սա աշխարհաքաղաքականութիւն է: Ունենք կարեւոր մի հանդիպում, իրադարձութիւն, որով ֆիքսուել է, որ գործընթացը շարունակական է, որ ոչինչ կարգաւորուած չէ եւ պէտք է շարունակենք աշխատանքն այս ուղղութեամբ: Բացի այդ, մէկ անգամ եւս նշուել է, որ Ռուսաստանը պատրաստ է ակտիւ (աշխոյժ) դերակատարութիւն ունենալ տարածաշրջանում. սա է հանդիպման արդիւնքում ընդունուած յայտարարութեան փաստաթղթի էութիւնը», դիտել Բաբայեան:
Ըստ անոր՝ կարեւոր է նաեւ Սոչիի հանդիպումը եւ ընդունուած յայտարարութիւնը դիտարկել վերջին զարգացումներու տեսանկիւնէն, երբ մօտեցումներ եւ առաջարկներ շրջան կ՛ընէին՝ Արցախը Ատրպէյճանի կազմ «խցկելու» վերաբերեալ: Իբրեւ տարբերութիւն անոնց, ըստ Բաբայեանի, Սոչիի մէջ նշուեցաւ, որ հարցը բարդ է, տակաւին չէ կարգաւորուած եւ պէտք է աշխատիլ:
«Պէտք է հասկանանք, որ մեր ցանկութիւնները, յատկապէս էմոցիոնալ (զգացական) դաշտում, միշտ չէ, որ տեղ են գտնում: Դրա համար պէտք է աշխատենք, առաջին հերթին` մենք: Պէտք է լինենք յամառ, յոյսներս առաջնահերթ դնենք մեր կամքի վրայ, երբեք անտարբեր չլինենք ու չմտածենք, որ ամէն ինչ կորած է, կորսուած: Եթէ մենք կամք ցուցաբերենք, ինչպէս ցուցաբերել ենք Ստեփանակերտում տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ եւ ցոյց տանք, որ մեզ համար անընդունելի է ցանկացած կարգավիճակ Ադրբեջանի կազմում, ապա այդ ամէնը վերջապէս հաշուի կ՛առնուի», յայտնեց Բաբայեան: