ՕՍԼՕ, «Ռոյթըրզ».- Պանկլատէշցի տնտեսագէտ Մուհամմատ Եունուս եւ անոր հիմնած «Կրամին» դրամատունը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13ին անակնկալօրէն շահեցան այս տարուան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը, այդ երկրին ու շարք մը այլ երկիրներու մէջ շատ լաւ պայմաններով տրուող փոքր վարկերու ճամբով միլիոնաւոր քաղաքացիներու վիճակը բարելաւելուն համար:
1974ին հիմնուած դրամատունը մօտաւորապէս 6 միլիառ տոլարի փոքր վարկեր տրամադրած է մեծամասնութեամբ կին յաճախորդներու, որոնց գրեթէ 99 տոկոսը կրցած է վերադարձնել զանոնք: Վարկերը միջին հաշուով 200 տոլար եղած են միայն:
«Երկարատեւ խաղաղութիւն կարելի չէ հաստատել, եթէ մեծ թիւով քաղաքացիներ չքաւորութենէն դուրս ելլելու միջոցներ չգտնեն», նշուած է Նոպէլեան հիմնարկին հաղորդագրութեան մէջ:
Եունուս խոստացաւ 1.36 միլիոն տոլար մրցանակը տրամադրել յարմար գինով ուտեստեղէն արտադրելու եւ ակնաբուժական կեդրոն մը բանալու ծրագիրներուն:
Նկարին մէջ, Եունուս կը պատասխանէ իր բնակարանը խճողած լրագրողներու հարցումներուն: