Միջազգային եւ յատկապէս եւրոպական քաղաքական թատերաբեմի վրայ, Հինգշաբթի օր Թուրքիա ստացաւ երկու իրարայաջորդ «ապտակներ»: Առաջինը, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը քուէարկեց ի նպաստ օրինագիծի մը, որ քրէական յանցանք կը նկատէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը եւ պատիժ կը սահմանէ անսաստողներուն դէմ: Երկրորդը, քանի մը ժամ ետք, երբ Շուէտի Արքայական ակադեմիան գրականութեան Նոպէլեան մրցանակ շնորհեց թուրք վիպագիր Օրհան Փամուքի, որ թրքական իշխանութիւններուն եւ ազգայնամոլ շրջանակներուն հակակրանքը կը վայելէ՝ յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր դրական եւ մանաւանդ քաջ վերաբերումին համար:
Ի դէպ, նշենք, որ Փամուքի պարագային, Թուրքիա կը գտնուի երկու սուրի միջեւ: Տարբեր խօսքով, առաջին անգամն է, որ թուրք գրող մը կ’արժանանայ միջազգային այնպիսի հեղինակաւոր մրցանակի մը, ինչպիսին է գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը եւ հետեւաբար, առաջին իսկ ակնարկով, Թուրքիոյ համար ցնծութեան առիթ պէտք է հանդիսանայ այս դէպքը: Սակայն միաժամանակ, թուրք վիպագիրը միջազգային հանրութեան մօտ ծանօթ է ոչ թէ իբրեւ գեղարուեստական գրականութեան բարձունք մը, այլ իբրեւ մտաւորական մը, որ քաջութիւնը ունեցած է ընդունելու իր ժողովուրդին ու պետութեան անցեալի սխալները ու իբրեւ այդպիսին, հալածուած է՝ մինչեւ իսկ դատական հետապնդումի ենթարկուելով: Այնպէս որ, Թուրքիա «շուարած» է՝ ցնծա՞յ, թէ զայրանայ Փամուքի տրուած այս ամենահեղիանակաւոր մրցանակին առիթով:
Օրինական գետնի վրայ ակադեմական պէտք է համարել այն բոլոր խօսակցութիւնները, որոնք դիտել կու տան, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշումը տակաւին շատ ճամբայ ունի կտրելիք, որ օրէնքի վերածուելու համար Ծերակոյտը պէտք է վաւերացնէ զայն ու անկէ ետք նախագահը եւս պէտք է ստորագրէ: Այս տիպի խօսակցութիւնները կ’ընդգծեն կեղծ թէականութիւն մը: Կեղծ, ոչ միայն անոր համար, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը եւ նախագահը դժուար թէ անտեսեն խորհրդարանին կամքը, այլ նաեւ անոր համար, որ հարցը ըստ էութեան քաղաքական աստառ ունի, եւ կը ձգտի ընդգծելու համաեւրոպական տարողութեամբ կեցուածք մը, որ կը մերժէ Թուրքիոյ նման արիւնոտ եւ յանցապարտ անցեալ ու ներկայ ունեցող պետութեան մը Եւրոմիութիւն մուտքը:
Տարբեր խօսքով, մինչ Թուրքիա տասնամեակներէ ի վեր կ’ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, Ֆրանսա կ’ընդգծէ, թէ ինք քրէական յանցանք կը նկատէ այս ուրացումը: Հետեւաբար, Թուրքիոյ Եւրոպական միութիւն մուտքի ճամբուն վրայ սկսած է ստեղծուիլ քաղաքական այնպիսի նոր իրադրութիւն մը, ուր Թուրքիա հետզհետէ աւելի ու աւելի կը զգայ հայկական թղթածրարով ուղղակիօրէն զբաղելու անոր իրաւատիրոջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ խօսակցութեան-բանակցութեանց ճամբով:
Սակայն Թուրքիա ցարդ կը մերժէ ոչ միայն ընդունիլ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ կը մերժէ հայկական թղթածրարի հարցով խօսակից ունենալ հայկական կողմը, որ այս պարագային Երեւանի իշխանութիւններն են: Թուրքիոյ այս մերժումին մէջ հաւանաբար կայ նաեւ արհամարհանք:
Եւ ուրեմն, այս հանգամանքի լոյսին տակ, ֆրանսական խորհրդարանի այս կեցուածքը մէկ կողմէ թրքական այս արհամարհանքը զսպող դերակատարութիւն ունի, իսկ միւս կողմէ հետզհետէ աւելի ու աւելի կը յստակացնէ սահմանները քաղաքական այն դաշտին, ուր Թուրքիա կը մերժէ մտնել: Պարզ խօսքով, Թուրքիա հետզհետէ կը ստիպուի նախ ընդունիլ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ ապա՝ այդ ծանրագոյն ոճիրի դարմանումին կապակցութեամբ խօսակցութիւններու սկսիլ Հայաստանի օրինական իշխանութիւններուն հետ:
Ֆրանսական այս որոշումը բնականաբար իր արձագանգը պիտի գտնէ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ, ուր Ցեղասպանութեան բանաձեւը մերժելու վարչակազմի կեցուածքը ինքզինք սպառելու կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուի:
Այս դրութեան մէջ, ամերիկահայութեան կը մնայ նոր թափ տալ Քոնկրէսի զոյգ պալատներէն ներս Ցեղասպանութեան բանաձեւերը օրակարգի վրայ դնելու աշխատանքներուն ու մղել վարչակազմը, որպէսզի ի վերջոյ Անգարայի հասկցնէ, թէ սպառելու վրայ են ամերիկեան ճանաչման անհրաժեշտութեան ընդդիմանալու պետական բաժանմունքի եւ Սպիտակ տան միջոցները:
Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշումով, վիճակը նետուած է արդէն: Գնդակը կը գտնուի թրքական կիսադաշտին մէջ: Մինչեւ ե՞րբ Թուրքիա կրնայ ընդդիմանալ հայկական թղթածրարի բացումին, մինչեւ ե՞րբ ան պիտի մերժէ այս հարցով իբրեւ խօսակից ունենալ հայկական կողմը:
Ֆրանսայի դէմ «պատժամիջոցներու» ու այդ ուղղութեամբ սպառնալիքներու սին բնոյթը տարիներ առաջ արդէն երեւան եկած էր արդէն, երբ Ֆրանսա պաշտօնապէս ճանչցաւ հայկական Ցեղասպանութիւնը: Թրքական այդ «պլաֆ»ին ժամանակը շատոնց անցած է: Նոր հնարամտութիւններ չկան այլեւս: Թուրքիոյ կը մնայ միայն մէկ ուղի: Ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքներու դարմանումին մասին ուղղակի բանակցութիւններու սկսիլ հայկական կողմին հետ: