
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց Երեքշաբթի, 8 Նոյեմբերին տեղի ունեցած միջանկեալ ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն տարած յաղթանակները:
Զօրակցութիւնները հիմնուած են թեկնածուներուն ցարդ տարած հայանպաստ ջանքերուն եւ հայութեան համար առաջնահերթ նկատուող հարցերուն նկատմամբ անոնց կեցուածքներուն եւ խոստումներուն վրայ: Հայ Դատը այս տարի առաւել խստապահանջ եղած էր թեկնածուներուն հանդէպ, որոնցմէ շատեր խոստացած էին մօտէն գործակցիլ Հայ Դատին հետ, պաշտպանելու համար ոչ միայն ամերիկահայութեան, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքները, կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ դրուատելով յատկապէս «ՀայՎոթս» ենթայանձնախումբին տարած աշխատանքը
Մինչ որոշ ընտրաշրջաններու մէջ արդիւնքները տակաւին չեն վերջնականացած, ցարդ յստակ է, թէ Քալիֆորնիայէն Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած է դեմոկրատ Ալեք Փըտիան, իսկ Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն՝ հետեւեալները՝ Ճերըտ Հոֆմըն (Դ., 2րդ ընտրատարածք), Թամ ՄըքՔլինթաք (Դ., 5), Ճան Կարամենտի (Դ., 8), Նենսի Փելոսի (Դ., 11), Պարպարա Լի (Դ., 12), Էրիք Սուալուել (Դ., 14), Աննա Էշու (Դ., 16), Ռօ Խանա (Դ., 17), Զոյի Լաֆկրըն (Դ., 18), Ճուտի Չու (Դ., 28), Էտըմ Շիֆ (Դ., 30), Կրէյս Նափոլիթանօ (Դ., 31), Պրետ Շըրմըն (Դ., 32), Թետ Լիու (Դ., 36), Լինտա Սանչեզ (Դ., 38), եւ Նանեթ Պարական (Դ., 44)։
Քոլորատոյէն, Ներկայացուցիչներու տան Հայ Դատի զօրակցութիւնը ապահոված Ճօ Նեկուիզ (Դ., 2) եւ Ճէյզըն Քրօ (Դ., 6), Թեքսասէն՝ Վերոնիա Էսքոպար (Դ., 16), Ժուաքին Քասթրօ (Դ., 20) եւ Լոյտ Տակեթ (Դ., 37), Եութայէն՝ Ճան Քըրթըս (Հ., 3) եւ Ուաշինկթընէն՝ Էտըմ Սմիթ (Դ., 9) եւս ընտրուեցան։
Քալիֆորնիոյ նահանգի մակարդակին վրայ, նահանգապետ վերընտրուեցաւ Կեւըն Նիւսըմ, փոխնահագապետ՝ Էլենի Քունալաքիս, նահանգային քարտուղար՝ Շըրլի Ուեպըր, ապահովագրութեան յանձնակատար՝ Ռիքարտօ Լարա, գանձապետ՝ Ֆիոնա Մա եւ հանրային դասաւանդումի վերահսկիչ՝ Թոնի Թըրմընտ։
Հայ Դատի զօրակցութիւնը ապահոված Քոլորատոյի նահանգապետ Ճերըտ Փոլիս եւս վերընտրուեցաւ։
Նահանգային խորհրդարանի ընտրութիւններուն նոյնպէս շարք մը հայամէտ թեկնածուներ յաղթանակներ արձանագրեցին, ներառեալ՝ Ֆիլ Թինկ (19րդ), Վինս Ֆոնկ (32րդ), Լուզ Ռիվազ (43րդ) եւ Ռեճինըկտ Ճոնզ Սոյըր, իսկ Ծերակոյտի ընտրութիւններուն՝ Մարիա Տուրազօ (26րդ)։