
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, 29-31 Հոկտեմբերին Լիբանան այցելեց ՀՕՄի «Ջաւախք հիմնադրամ»ի ներկայացուցիչ Իվան Արտալճեան` զեկուցելու Ջաւախքի եւ ՀՕՄի կողմէ այնտեղ իրականացուող ծրագիրներուն մասին:
Շաբաթ, 29 հոկտեմբերին Իվան Արտալճեան մեկնեցաւ Այնճար, ուր ներկայացուց իր զեկոյցը` աւարտին պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն:
Կիրակի, 30 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, հանդիպում ունեցաւ դպրեվանքի տեսչութեան ու Ընծայարան բաժինի աշակերտներուն հետ եւ անոնց ներկայացուց իր զեկոյցը:
Երկուշաբթի, 31 հոկտեմբերի առաւօտեան «Վանայ ձայն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցէն ետք, Արտալճեան այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, ուր հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան հետ, ապա երկրորդականի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց իր զեկոյցը:
Երեկոյեան «Ազդակ»ի Փիւնիկ սրահին մէջ, գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին՝ տեղի ունեցաւ «Ջաւախքը այսօր» խորագիրով լսարանը, որուն բացման խօսքը կատարեց ՋԱՀ յանձնախումբի անդամ Ծովիկ Գալեմքէրեան, որ նշեց, թէ ջաւախահայութեան ներկայ իրավիճակի ծանօթացումը եւ համագործակցութեան կարելիութիւններու ծրագիրի մը մշակումը եղած է ՋԱՀ յանձնախումբի առաջնահերթութիւններէն: Ան իր խօսքի աւարտին յայտնեց, որ, հակառակ Լիբանանի դժուար պայմաններուն, յանձնախումբը կը հաստատէ իր յանձնառութիւնը` ըլլալու Ջաւախքի կողքին:
Ապա խօսք առաւ Արտալճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ համայնքին` օրինակելի համարելով անոր քայլը եւ նման ծրագիրներու աջակցելու անոր քայլերը, հակառակ իր դիմագրաւած տարբեր մարտահրաւէրներուն:
Ան նշեց, թէ օրուան հիմնական պատգամը այն է, որ եթէ պիտի պահենք Ջաւախքը, Հայաստանը եւ Արցախը, հայը պէտք է հողին վրայ մնայ, իսկ եթէ այնտեղ ներկայութիւն չըլլանք, այդ տարածքները պատմութիւն կը դառնան:
Ան դիտել տուաւ, որ Ջաւախքը հիմնականին մէջ բնակեցուած է 1800ական թուականներուն Կարինէն տեղափոխուած հայերով, որոնց մեծ մասը Կարնոյ բարբառը կը խօսի, Կարնոյ սովորութիւնները, խոհանոցը, եւ տարբեր ընտանեկան սովորութիւններ կը պահպանէ: Ան նաեւ անդրադարձաւ Վրաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Ջաւախքին տրուած կարգավիճակին:
Ապա ան ներկայացուց Ջաւախքի ներդրումը մեր հայոց պատմութեան մէջ` նշելով քանի մը հանրածանօթ ջաւախահայ դէմքեր, ինչպէս` Համօ Օհանջանեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Լուսինէ Զաքարեան եւ Աշուղ Ջիւանի:
Ըստ Արտալճեանի՝ աշխարհաքաղաքական բարդ պայմանները կարելի չէ անտեսել, երբ կը խօսուի տարածաշրջանի հայութեան մը մասին, որովհետեւ դիւրութեամբ կրնայ վտանգի ենթարկուիլ անոնց ներկայութիւնը այնտեղ: Ան շեշտեց, որ պէտք է նկատի առնուին քաղաքական յարաբերութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ հասկնալ թէ՛ դժուարութիւնները, թէ՛ նրբութիւնները, եւ այդ հիման վրայ քայլեր առնել, որպէսզի ապագայ սերունդները կարենան տարածաշրջանին կարգավիճակը պահել:
Ջաւախքի տնտեսական-ընկերային պայմաններուն անդրադառնալով` Արտալճեան ըսաւ, որ պատկերը այնքան փայլուն չէ. ներդրումները քիչ են եւ կը կազմեն երկրին մէջ կատարուող ներդրումներուն միայն 4 տոկոսը: Ան դիտել տուաւ, որ վրացական այլ մարզեր եւս նոյն դժուար տնտեսական պայմանները կը դիմագրաւեն:

Բանախօսը նշեց, որ Ջաւախքի ճամբաները շատ բարելաւուած են, եւ օրէնքներ կը կիրարկուին այնտեղ:
Արտալճեան խոչընդոտ համարեց ջաւախահայութեան միայն հայոց լեզուի իմացութիւնը: Ան բացատրեց, որ դպրոցներուն մէջ գրեթէ բոլոր նիւթերը հայերէնով կը դասաւանդուին, մանրամասնելով, որ վերջին 5 տարիներուն, Վրաստանի կառավարութիւնը պարտադրած է, որ տնօրէնները եւ ուսուցիչները վկայագիր ունենան, եւ անոր համար պէտք էր վրացերէն իմանալ, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ շատերը գործէ արձակուին:
Ան յայտնեց, որ ՀՕՄը վերջին տարիներուն կը քաջալերէ վրացերէնի իմացութիւնը, քանի որ հայերուն առիթ կ՛ընծայէ աշխատանք գտնել պետական կառոյցներու մէջ: Արդէն իսկ կրթական ծրագիրները փոխուած են, եւ վրացերէնը այժմ մաս կը կազմէ անոնց:
Ինչ կը վերաբերի ժողովրդագրական տուեալներուն՝ բանախօսը տեղեկացուց, որ վերջին 25 տարիներուն ընթացքին, ջաւախահայութիւնը 60 տոկոսով արտագաղթած է կլիմայական եւ անգործութեան պատճառներով, ինչ որ մտահոգիչ թիւ է եւ կրնայ ազդել ապագային հայերու ֆիզիքական ներկայութիւնը այդ շրջանին մէջ ապահովելու համար:
Ըստ Արտալճեանի, երիտասարդներու արտագաղթը` Հայաստան եւ Ռուսիա, այժմ քիչ մը նուազած է վրացերէնի իմացութեան շնորհիւ՝ նշելով, որ անոնք այժմ Թիֆլիս կ՛երթան ուսանելու եւ չեն հեռանար երկրէն, եւ ասիկա հնարաւորութիւն կը ստեղծէ, որ այդ ուսանողը դարձեալ ներգրաւուի Ջաւախքի շրջանին մէջ:
Տղամարդոց մեծամասնութիւնը աշխատանքի պատճառով երկրէն գաղթած է, ինչ որ ընտանեկան բարդութիւններ կը ստեղծէ: Ջաւախքի մէջ միակ գործը գետնախնձոր ցանելն է:
Արտալճեան նշեց, որ քաղաքական գետնի վրայ, խորհրդարանին մէջ կան 2 հայ պատգամաւորներ, կայ մէկ հայ քաղաքապետ եւ տարբեր շրջաններու մէջ` աւագանիի հայ անդամներ: Հայերու քաղաքական ներկայութիւնը բաւական սահմանափակ է, եւ այդ մէկը բարդութիւններ կը ստեղծէ հայերուն իրաւունքները պաշտպանելու տեսակէտէն:
Արտալճեան նշեց մարտահրաւէրները` անգործութիւնը, վրացերէնի չիմացութիւնը, սահմանափակ ներդրումները եւ շատ խիստ կլիմայական պայմանները, միաժամանակ անդրադառնալով հնարաւորութիւններուն` անշարժ գոյքի աժանութիւնը, ցած աշխատավարձը:
Բանախօսը ընդգծեց, որ ՀՕՄի հիմնական առաքելութիւնը հայապահպանումն է, որ կը տարբերի սփիւռքի դասական հայապահպանում հասկացողութենէն: Նպատակը հայը Ջաւախքի մէջ պահելն է: Ան բացատրեց, որ ՀՕՄ-ը իր աշխատանքները կը տանի թափանցիկ, օրինական ձեւով եւ ջանք կը թափէ խուսափիլ որեէ լարուածութենէ:
ՀՕՄը ունի երեք կեդրոններ` Ախալքալաքի, Նինոծմինտայի, Ախալցխայի մէջ, ուր կան աշակերտներ, եւ կը գործեն տարբեր ծրագիրներ, ինչպէս` երգ, պատմութիւն, լեզուներու ուսուցում` հայերէն, վրացերէն, անգլերէն, համակարգչային հմտութիւններ (ԹՈՒՄՕ կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ) եւ գորգագործութիւն: Ախալքալաքի մէջ արդէն իսկ սկսած է գործել Թումոյի դասարանը, եւ շուտով Ախալցխայի մէջ նոր կառուցուղ կեդրոնին մէջ նաեւ պիտի գործէ Թումոյի դասարանը:
Անդրադառնալով ապագայ ծրագիրներուն` Արտալճեան նշեց, որ Նինոծմինտայի մէջ ՀՕՄը ունի գորգագործութեան ծրագիր, որ պիտի ըլլայ այլ կազմակերպութեան մը հետ, եւ ատիկա կիներուն գործի առիթ պիտի ստեղծէ:
Ան նաեւ անդրարձաւ հայկական կարգ մը գաղութներու կողմէ հովանաւորուած ծրագիրներուն:
Զեկոյցի աւարտին Արտալճեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
ՋԱՀ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ