
Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի հաստատեց, որ Իրանի համար Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները առաջնահերթութիւն են՝ աւելցնելով, որ յատուկ կարեւորութիւն ունի Սիւնիքի մարզը, որուն նկատմամբ որեւէ պետութիւն պէտք չէ նկրտում ունենայ։
Ան այս մասին յայտարարեց Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանի հետ հանդիպման ընթացքին: Դատախազը բարձր գնահատեց դիւանագիտական յարաբերութիւններու հարուստ փորձառութեան հիման վրայ երկու երկիրներու իրաւապահ կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը եւ վստահեցուց այդ կապին ընդարձակումը եւ ամրապնդումը։
Դեսպանը ընդգծեց, որ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ 3000ամեայ պատմական-մշակութային ամուր կապերը լաւ հիմք են բոլոր ուղղութիւններով յարաբերութիւններու զարգացման համար, ինչ որ ակնառու է յատկապէս վերջին երկու տարիներուն:
Այս պարունակին մէջ, ան շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, թէ Իրանի համար դրացի երկիր Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները առաջնահերթութիւն են, որոնց փոխադարձ ըլլալը հաստատուած է նաեւ երկու երկիրներու ղեկավարութիւններուն կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին Վարդապետեան եւ Պատախշան Զոհուրի անդրադարձան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու։
Նշենք, որ Թեհրան կը շարունակէ կտրուկ կերպով դէմ արտայայտուիլ Սիւնիքով միջանցք պահանջելու Ատրպէյճանի յայտարարութիւններուն: Սիւնիքի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ Իրան Հայաստանի եւ տարածաշրջանի ապահովութիւնը ի՛րը կը նկատէ: