«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանի նախագահին խօսքերը՝ իբր թէ հակաատրպէյճանական դրոյթները հանուած են Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ շաբաթավերջին ընդունուած եւ Հայաստանին համերաշխութիւն յայտնող բանաձեւի նախագիծէն, չեն համապատասխաներ իրականութեան:
«Այդ բոլոր փաստաթղթերը ինչպէս որ ներկայացուել են նախարարական համաժողովում, այդպէս էլ ընդունուել են կազմակերպութեան կողմից, այսինքն` նախագիծն ամբողջութեամբ ընդունուել է գագաթնաժողովի կողմից: Եթէ իրապէս Ադրբեջանը հասած լինէր իր ուզածին, եւ եթէ իրապէս ցանկալի սցենարով (բեմագրութեամբ) ամէն ինչ գնար, այսքան շարունակական յայտարարութիւններ իրենց կողմից չէին լինի», ըսաւ Յունանեան:
Վեհաժողովին կողմէ որդեգրուած բանաձեւի կէտերէն մէկուն միջոցաւ կազմակերպութեան առաւել քան 50 երկիրներ իրենց համերաշխութիւնը կը յայտնեն անդամ Հայաստանին, նաեւ մտահոգութիւն՝ վերջերս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական մագլցումին, յատկապէս այդ առճակատման իբրեւ արդիւնք միջազգային իրաւունքի, տարածքային ամբողջականութեան եւ մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն գծով։ Կազմակերպութիւնը ընդունուած բանաձեւով կոչ կ՛ուղղէ՝ խստօրէն պահպանելու զինադադարը, հակամարտութիւնը լուծելու խաղաղ` յարգելով տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքները: Նաեւ կ՛ողջունեն Արցախի տագնապին խաղաղ եւ արդարացի կարգաւորում գտնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերը:
Ըստ նախագիծին` հայ-ատրպէյճանական եւ Արցախի տագնապին մասին կէտերուն վերաբերեալ վերապահումներ ունեցան Ալպանիան, Ռումանիան ու Մոլտովան: Ըստ Յունանեանի՝ այս երկիրները փորձեցին խոչընդոտել ձեւակերպումներու ընդունումը, բայց վերջապէս բանաձեւը որդեգրուեցաւ այնպէս, ինչպէս ներկայացուած էր: Վերապահութիւն ունեցող երկիրները կրնային վեթոյի գործընթացի սկսիլ, որուն, ըստ Յունանեանի, չդիմեցին: «Ալբանիան Ռումինիայի եւ Մոլդովայի աջակցութեամբ փորձում էր վերաբացել այդ կէտերի շուրջ քննարկում, սակայն թէ՛ հայկական պատուիրութեան նախարարական համաժողովի արտգործնախարար Արարատ Միրզոյեանի ղեկավարութեամբ աշխատանքի եւ ընդհանրապէս Ֆրանկոֆոնիայում առկայ Հայաստանի նկատմամբ համերաշխութիւնը բերեց նրան, որ այդ քննարկումը տեղի չունեցաւ, այսինքն` չկարողացան ադրբեջանական ազդեցութեան տակ այդ նախաձեռնութիւնն արած երկրները հասնել իրենց ուզածին», շեշտեց ան:
Այս բանաձեւի կարեւորութեան մասին խօսելով՝ Յունանեան ըսաւ. «Սա շատ կարեւոր էր, թէ՛ բանաձեւը, թէ նաեւ հռչակագիրը այն առումով, որ յստակօրէն արտայայտում է միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան յարգման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ, բանակցուած ճանապարհով լուծման մասին, ամփոփիչ արտայայտւում է, որ մենք համերաշխութիւն ենք յայտնում Հայաստանին: Դիւանագիտական լեզուով դա աջակցութիւն է Հայաստանին»: