Հաւանաբար պէտք չէ զարմանալ, որ Միացեալ Նահանգներու նոյեմբերեան ընտրութեանց նախօրեակին սպիտակ պաստառ բարձրացուած քաղաքական երգիծանք մը՝ Man of the Year ժապաւէնը փողով ու թմբուկով չծանուցուեցաւ, ոչ ալ ժապաւէններու քննադատները շռնդալի գովեստներով արձագանգեցին անոր, ինչպէս յաճախ կ՚ընեն պատանին ու երիտասարդը բթամտութեան առաջնորդող «հերոսական» ու ցնորածին ժապաւէններու մեկնաբանման պահուն։
Հաւանաբար այդպէս եղաւ, որովհետեւ հեղինակ-բեմադրիչ Պէրի Լեւինսընի ու հանճարեղ դերասան Ռոպին Ուիլեըմզի միջեւ նորագոյն այս գործակցութիւնը հաճոյքով կուլ տրուելիք պատառ մը չէր այն շրջանակներուն համար, որոնք կը հովանաւորեն քարոզչական միջոցները եւ անոնց հետ լուռ կամ բացայայտ դաշինք ունին՝ զանգուածները «որոշ տրամաբանութեան մը» հիմամբ ուղեղալուացքի ենթարկելու նպատակով։ )Ի դէպ, Լեւինսըն եւ Ուիլեըմզ անցեալին գործակցած են Good Morning Vietnam ժապաւէնին մէջ, նմանապէս քաղաքական երգիծանք մը, որ 1987ին սպասուած աղմուկը բարձրացուց։ 20 տարի ետք, ընկալողներու տրամաբանութիւնը հարկադրաբար մեծ փոփոխութիւն կրած է…(:
Ճիշդ է. Լեւինսընի բեմադրած այս ժապաւէնը խորքին մէջ այդքան ալ մեծ գործ չէ ժապաւէններու աւանդական չափանիշներով կամ արուեստի դիտանկիւնէն։ Այսուհանդերձ, ժապաւէնին առաջին վայրկեաններէն իսկ, հանդիսականը կ՚անդրադառնայ, թէ անիկա բազմաշերտ երգիծանք է, քաղաքակա՛ն երգիծանք, թիրախ ընտրած է իշխանութեան շուրջ մրցակցող երկու մեծ կուսակցութիւնները՝ Հանրապետականն ու Դեմոկրատը, ինչպէս նաեւ արդի արհեստագիտութեան կարգ մը թերութիւնները չարաշահող քաղաքական մարդիկը։
Պատմութիւնը պարզունակ ըլլալու չափ պարզ է։ Պատկերասփիւռի կատակաբան մը՝ Թոմ Տապզ )Ռոպին Ուիլեըմզ(, որուն գործը ընկերային, քաղաքական ու առօրեայ թերութիւններու ձաղկումի ճամբով ունկնդիրներ զուարճացնել է, օր մըն ալ նոյն այդ ունկնդիրներէն առաջարկ կը ստանայ թեկնածու ներկայանալու Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան։ Նման «արկածախնդրութիւն» եթէ հանդիսականներու կողմէ աներեւակայելի պիտի սեպուէր աւելի քան կէս դար առաջ, այսօրուան հանդիսականը «իւղի պէս կը կլլէ» նման նախաձեռնութիւն, երբ արդէն փորձառութեամբ տեսած է, որ նախագահ կամ այլ մակարդակի պատասխանատուութիւններ կարելի է «կերտել» նախկին դերասաններէ կամ քաղաքական աշխարհին հետ կապ չունեցող ասպարէզներու հետեւորդներէ…
Կատակով սկսածը կ՚իրականանայ. կատակաբանը ոչ միայն թեկնածու կը ներկայանայ, այլ նաեւ պարտութեան կը մատնէ թէ՛ պաշտօնի վրայ եղող ու վերստին թեկնածու ներկայացող հանրապետական նախագահը, եւ թէ անոր մրցակից դեմոկրատ յաւակնորդը )մօտիկ անցեալի պատմութիւնը հոս ալ նման փորձառութիւն մը կը յուշէ՝ թեկնածու Ռոս Փերոն, որ ի շարս այլ բաներու՝ կատակաբանի համբաւ վայելեց իր ընտրական արշաւին օրերուն, թէեւ ի վերջոյ պարտուեցաւ(։ Սակայն բացայայտ կը դառնայ, որ կատակաբան թեկնածուին յաղթանակը՝ քուէարկութեանց համար գործածուող համակարգիչներու ծրագիրին թերութեան հետեւանքն էր։ Համակարգիչներու ընկերութեան մէկ մասնագէտը )Լօրա Լինի( նախօրօք «բռնած» էր այդ թերութիւնը եւ զեկուցած ընկերութեան վարիչներուն, որոնք սակայն նախընտրած էին լուռ անցնիլ անոր վրայէն, որպէսզի թերութեան բացայայտումով ընկերութիւնը սնանկութեան չմատնեն։ Անոնց համար ընկերութեան բաժնետոմսներուն սակերու բարձրացումը աւելի՛ շահեկան է, քան այս կամ այն թեկնածուին արդար ընտրութիւնը։ Մասնագիտուհին, կեանքը վտանգի ենթարկելու գնով ի վերջոյ գաղտնիքը կը հաղորդէ ընտրեալ նախագահին, որ իր կարգին, կը ծանուցանէ խաղքութիւնը։ Մնացեալը՝ կարեւոր չէ )ընտրութիւնները կը կրկնուին ու հանրապետական նախագահը կը վերընտրուի(։
Անհաւատալի ըլլալու չափ վիպական ու պարզամիտ ժապաւէնը ըստ բաւականին սուր խայթոցներ կ՚ուղղէ թէ՛ Հանրապետական եւ թէ Դեմոկրատ կուսակցութիւններուն, քօղազերծելով բազմաթիւ ծուռ գիծեր, որոնց մէջ այս երկու կուսակցութեանց ընթացքները հազիւ թէ զանազանելի են իրարմէ։ Հանդիսատեսը նաեւ կը տարուի մտածելով, որ անիկա պատրաստուած է նոյնինքն նախագահութիւն հասկացութիւնը ձաղկելու, նոյնքան մը նաեւ նախագահութիւնը ձաղկելի դարձնողները քննադատելու միտումով. սակայն այդպէս չէ, այլ կը միտի ղեկավարի հանգամանք ունեցող մարդիկը խելքի կանչելու։
Գործը ունի մէկէ աւելի թոյլ բաժիններ՝ զանգուածին աժան խնդուքի պահանջին ընդառաջող հատուածներ ու կատակներ, սակայն անառարկելիօրէն յստակ է, որ անիկա պատրաստուած է Միացեալ Նահանգներ կոչուած երկրին աւանդական արժէքներուն վերականգնումին հետամտութեամբ։ Թեկնածու Ռոպին Ուիլեըմզի սլաքները ի մտի ունին «Էնրոն»ի գայթակղութեան, ստապատիր յերիւրանքներով Իրաքի գրաւման, կենսոլորտի ու ընկերային տագնապներու եւ աւելին՝ Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն անդին տարածուող մեծապետական վարքագիծերէ բխող իրականութիւններ։ Յստակ կամ քօղարկուած սլաքներ կ՚ուղղուին նաեւ նախագահական վերջին երկու ընտրութեանց առիթով բացայայտուած խեղաթիւրումներուն, ինչպէս նաեւ համակարգիչներու օգտագործումով՝ քուէարկութեանց ընթացքին սարքովի արդիւնքներու հաւանականութեան, երեւոյթ մը, որ յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն յաճախ յուզում յառաջացուցած է իւրաքանչիւր ընտրական հանգրուանի )նախագահական թէ խորհրդարանական-նահանգային ընտրութեանց պարագաներուն, երբ համակարգիչները հետզհետէ աւելի մեծ դեր կը ստանձնեն ի սպաս քուէարկողներուն(։
Քաղաքական արդի աշխարհի ըմբռնումներով, այս ժապաւէնը ցնորամտութիւն կարելի է համարել, որովհետեւ անիկա լուռ կոչ մը, հրաւէր մը կը բովանադակէ բոլոր մրցակցողներուն, որպէսզի անոնք վերադառնան պատուախնդրութեան ու մարդկային արժէքներու հիմամբ երկիր-նահանգ-աշխա՛րհ կառավարելու ուղիին։
Դարձեալ կ՚արժէ մտածել, թէ նման ժապաւէն ինչո՛ւ չի գտներ այնպիսի արձագանգ, որոնք բաժինը եղան անվաղորդայն ու ձախորդ քաղաքականութիւններ բացայայտող անցեալի ժապաւէններու։
Յուսալի է նաեւ, որ անիկա նախագահութեան կամ պետական այլ պաշտօններու թեկնածու ներկայանալու հրաւէր մը չնկատուի… պատկերասփիւռի կատակաբաններուն։