Իսի-լէ-Մուլինոյի (փարիզեան արուարձան) Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ 24 Նոյեմբերին կատարուեցաւ Հայաստանի Յառաջադէմ արհեստագիտութիւններու ընկերութիւններու միութեան (UATE) նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի բացումը, UATE-ի գործադիր տնօրէն Հայկ Չոբանեանի ներկայութեամբ:
«Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցները (Armath Labs) ծնունդ առած են ճարտարագիտական վերապատրաստման ծրագիրէն, զոր ստեղծած է եւ կը վարէ UATE-ը: 2014էն ի վեր Armath Labs-եր հաստատուած են արաւել քան 635 դպրոցներու եւ կեդրոններու մէջ Հայաստանի, Վրաստանի, Քուէյթի, Պանկլատէշի եւ Հնդկաստանի աւելի քան 17,000 աշակերտներու ներգրաւումով:
Իսի-լէ-Մուլինոյի մէջ բացուած այս նոր աշխատանոցը Եւրոպայի մէջ իր դռները բացող առաջին «Արմաթ»ն է:
«Արմաթ» աշխատանոցներուն մէջ 10-18 տարեկան պատանի-երիտասարդները կը ծանօթանան հայերէնով գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան, շնորհիւ դպրոցական ժամերէն դուրս փոխներգործական (interactif) դասերու, հետաքրքրական մրցոյթներու, նորարարական ճամբարներու, նաեւ այլ միջոցներով:
«Արմաթ» աշխատանոցներու ուսումնական ծրագիրը հիմնուած է յառաջադէմ ուսուցման մեթոտաբանութիւններու եւ գործիքներու վրայ, որոնք մշակուած են ֆիզիքական գիտութիւններու եւ ճարտարագիտութեան ոլորտներուն մէջ առաջատար հետազօտական եւ կրթական հաստատութիւններու կողմէ: Այս ծրագիրները կը սկսին հիմնական ծրագրաւորումէն եւ ուսանողները կ՛առաջնորդեն ռոպոթաշինութենէն մինչեւ հետազօտական եւ ստեղծագործական միջավայրի մէջ արտադրութիւն: