Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2022ին լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակը՝ հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ, խմբագիր եւ հրատարակիչ, լրագրութեան պատմաբան, մատենագէտ, մանկավարժ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատուաւոր դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ծնած է 1941ին, Ճիւնիի մէջ, Լիբանան:
Դոկտ. Ժիրայր Դանիէլեան կը յաճախէ նախ Պէյրութի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, ապա կը ստանայ իր միջնակարգ կրթութիւնը ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը կը շարունակէ Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին մէջ (այժմ՝ համալսարան), ուր կը հետեւի պատմութեան եւ մանկավարժութեան դասընթացքներու: Վաղ տարիքին հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ հայագիտութեան վերաբերեալ նիւթերու նկատմամբ:
Ան քսաներեք տարի կը պաշտօնավարէ Հայկազեան համալսարանին մէջ՝ իբրեւ Հայագիտականի գրադարանի վարիչ, ապա՝ իբրեւ գրադարանապետ:
Ժիրայր Դանիէլեան կը ստանձնէ տնօրէնի պաշտօնը՝ Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարաններուն՝ սերունդներ կոփելով հայեցի կրթութեամբ եւ բարձրորակ ուսումով:
Գրականագէտ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատուրեան անոր մասին կ՛ըսէ հետեւեալը. «Ժիրայր Դանիէլեան որոնողը, հմուտ բանասէրը, լրագրութեան պատմաբանն ու մատենագէտը, մանկավարժը, խմբագիրն ու հրատարակիչը», ինչպէս նաեւ՝ «Սփիւռքի հայ մամուլի ու գրական գործի լաւագոյն գիտակներից մէկը…»:
Ժիրայր Դանիէլեան մաս կազմած է «Երիտասարդ Հայ»ի եւ «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքի խմբագրութիւններուն:
Իբրեւ պատասխանատու խմբագիր գլխաւորած է «Շիրակ» եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթերու խմբագրակազմերը:
Ստորագրած է յօդուածներ՝ «Զարթօնք», «Արարատ» եւ«Ազդակ» օրաթերթերուն, «Սփիւռք» ու «Նայիրի» շաբաթաթերթերուն մէջ:
Վերջին տարիներուն ձեռնհասօրէն կը վարէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական հիմնարկը:
1980էն մինչեւ այսօր Ժիրայր Դանիէլեան հրատարակած է բանասիրական հարցեր ընդգրկող հետեւեալ գիրքերը եւ ուսումնասիրութիւնները. «Հայկազեան Քոլեճի Հայկական Գրադարանի Հայ Մամուլի Հաւաքածոյ» (համահեղինակ, Պէյրութ, 1974), վերահրատարակութիւն՝ 1981), «Ռամկավար Ազատական Մամուլը» (Պէյրութ, 1982), «Շահնուրեան Ընթերցումներ» (համահեղինակ, Պէյրութ, 1983), «Հայ Նոր Պարբերական Մամուլը, 1967-1981» (Պէյրութ, 1984), «Լիբանանահայ Տպագրութիւնը Պատերազմի Տարիներուն. 1975-1984» (Պէյրութ, 1986), «Բանասիրական Որոնումներ» (Պէյրութ, 1996), «Լիբանանահայ Դպրոցը. Թիւեր Եւ Մտորումներ» (Պէյրութ, 2002), «Գրական Որոնումներ» (Պէյրութ, 2007), «Բանասիրութեան Բաւիղներուն Մէջ» (Երեւան, 2011), «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի» (Անթիլիաս, 2018), «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի» եւ «Լիբանանահայ Գիրքը…» (Յաւելուած, Անթիլիաս, 2021):
Ան վերջին տարիներուն մեծ ներդրում ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական բնօրաններու յուշամատեաններու խմբագրութեան եւ վերահրատարակութեան աշխատանքին մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ:
Դանիէլեան գրական լայն հորիզոնով եզակի հետազօտող մըն էր, որ իր ինքնատիպ վերլուծումները կը կատարէր, նաեւ՝ բանասիրական բնագաւառի մէջ անխոնջ պեղումներով նորութիւններ յայտնաբերելով, սխալներ մատնանշելով, բաղդատականները հիմնաւորելով փաստական տուեալներով, իսկ բանավիճային բնոյթի գրութիւններուն տալով առարկայականութիւն, սկզբունքայնութիւն եւ տրամաբանական եզրակացութիւն:
Դոկտ. Ժիրայր Դանիէլեան 1980էն ի վեր, շուրջ երեսուն տարիներ, թէեւ գրած է գրական եւ բանասիրական բազմաբնոյթ յօդուածներ, այսուհանդերձ, իր նախասիրութեան առարկան կը հանդիսանային մատենագիտութիւնը եւ մամուլի պատմութիւնը:
2011ին, իր ծննդեան 70 եւ գրական գործունէութեան 50ամեակներուն առիթով, Ժիրայր Դանիէլեան պարգեւատրուեցաւ ադամանդակուռ եւ բարձրագոյն շքանշանով, ոսկի մետալով, պատուոյ գիրերով եւ ստացաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած շնորհաւորական կոնդակը եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:
Ան ստացած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան շքանշանները:
21 Յունիս 2017ին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան նիստին որոշուեցաւ հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ եւ խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանին շնորհել ակադեմիոյ պատուաւոր դոկտորի կոչումը՝ հայագիտութեան մարզին մէջ անոր ունեցած վաստակաշատ գործունէութեան համար:
14 Յուլիս 2017ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ այդ դոկտորականը Ժիրայր Դանիէլեանին յանձնեց եւ անոր վաստակաշատ ուղիին մասին խօսեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ դրուատեց անոր ունեցած ներդրումը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:
4 Օգոստոս 2020ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր պայթումին պատճառով անոր աչքերը վիրաւորուեցան: Ան իր մէկ աչքը գրեթէ կորսնցուց, միւս աչքն ալ՝ լրջօրէն վնասուեցաւ:
Ժիրայր Դանիէլեանի շիջումով Սփիւռքի հայկական գաղութները ընդհանրապէս, եւ լիբանանահայ գաղութը՝ յատկապէս, կորսնցուցին հմուտ մատենագէտ, պատկառելի մտաւորական եւ հայոց ոսկեղենիկի ջահակիր հայորդի մը: