ՔՈՆԱ, Հաուայի, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Հոկտեմբեր 15ին, 6.7 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Հաուայի կղզիները։ Ելեքտրական հոսանքը ընդհատուեցաւ, հողային սահանքներ արձանագրուեցան, սակայն զոհեր եւ ծանր վիրաւորներ չարձանագրուեցան: Հաղորդուեցաւ նաեւ, երկրաշարժը յատկանշական ծովաշարժ մը եւս չէ պատճառած:
Սակայն, մասնագէտներ զգուշացուցին, թէ շրջանին մէջ ցնցումները կրնան շարունակուիլ։