«Հայ աւետարանականները չէին ախորժեր Մայր եկեղեցիէն անջատման թուականները ուրախութեան օր ընել»
Վեր. Կ. Պ. Ատանալեան
Ըստ երեւոյթին անցեալին էր այդ։ Նախ քան հարիւրամեակը։ Այսօր, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համաշխարհային խորհուրդը կը ծրագրէ 2006 թուականին մեծ շուքով յիշատակել Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ ծննդեան 160ամեակը Սփիւռքի եւ յատկապէս մայր հայրենիքի հողին վրայ, Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։ Բայց արդեօք որքանո՞վ «ախորժելի» է ուրախութեան օր ընել անջատման այս տարեդարձը։ Որքանո՞վ Հայ աւետարանական եկեղեցին արդարացուցած է իր գոյութիւնը եւ ծնունդը եւ վերջապէս ո՞ւր կ’ուղղուի ան ընդհանրապէս եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնաւորապէս։
Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ ծնունդին եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիէն անջատման շուրջ հիւսուած պատմագրութիւնը անվիճելի ըլլալէն հեռու է անշուշտ։ Բաժանման սատարող եւ ընդհանրապէս յիշատակուած գլխաւոր չորս ազդակները կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով։
Ա.- Բարեկարգութեան անհրաժեշտութիւնը Մայր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ։
Բ.- Արեւմտեան, գլխաւորապէս ամերիկեան միսիոնարներու ներկայութիւնը, նեցուկը եւ քաջալերանքը։
Գ.- Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհային՝ «ամիրայական» ղեկավարութեան քանդիչ հալածանքը։
Դ.- Օսմանեան կայսրութեան կրօնական կառոյցի իրավիճակը։
Մեր նպատակը չէ պատմական իրողութիւններու շուրջ կարծիք արտայայտել։ Այդ գործը լայնօրէն կատարուած է անցեալին։ Ուսումնասէր ընթերցողը հրաւիրուած է ընթերցելու գլխաւորապէս վերապատուելիներ Ստեփան Իւթիւճեանի, Կարապետ Ատանալեանի, Լեւոն Արփիի, Տիգրան Խրլոբեանի եւ Եղիա Քասունիի լայնատարած հրատարակութիւնները, ուր կը ցոլայ ընդհանրապէս Հայ աւետարանական տեսանկիւնէն դիտուած պատմութիւնը։ Իսկ յատկապէս Բիւզանդ Եղիայեանի «Հայ յարանուանութեանց բաժանումը» հատորը՝ դիտուած Մայր եկեղեցւոյ դիտանկիւնէն։
Կասկած չկայ, թէ երկու կողմէ ալ աղբիւրներու համեստ շտեմարան մը գոյութիւն ունի վերոյիշեալներէն դուրս։ Եւ սակայն անաչառ պրպտողին համար բաւարար ատաղձ գոյութիւն ունի վերոյիշեալ աղբիւրներուն մէջ, յստակ գաղափար մը կազմելու համար Մայր եկեղեցիէն անջատման եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիի ստեղծման պատմական իրողութիւններու շուրջ։
Որպէսզի կարենանք քիչ ետք աւելի իմաստալից հաստատում մը ընել ներկայ իրավիճակին, յարմար սեպեցինք շատ համառօտ ակնարկ մը նետել վերոյիշեալ պատմական ազդակներուն վրայ։
1.- ԺԹ. դարու առաջին կէսին բարեկարգութեան անհրաժեշտութիւնը հայ եկեղեցւոյ մէջ անվիճելի ճշմարտութիւն մըն է։ Ժողովուրդին հասկնալի լեզուով Աստուածաշունչի կատարեալ բացակայութիւնը, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած գրաբար լեզուին անճանաչելիութիւնը հասարակութեան մօտ, նոյնիսկ Սուրբ Գիրքի գործածութեան մենաշնորհը եկեղեցական դասուն մօտ օգտակար չէին ժողովուրդին մէջ հոգեւոր լուսաւոր ճաճանչի մը կայծը հրահրելու։ Ամբողջ կրթական համակարգը գաւառներու մէջ ցաւալի վիճակի մը մէջ էր։ Ահա թէ ինչ կ’ըսէ Բիւզանդ Եղիայեան, ակնարկելով ԺԹ. դարու առաջին քառորդին.
«Անշուշտ նախնական այդ շրջանին, գաւառներու մէջ դեռ ոչ կանոնաւոր դասարան կար, ոչ գրասեղան, ոչ դասագիրք եւ ոչ իսկ ուսման ծրագիր եւ մասնագէտ ուսուցի»չ:
(«Հայ յարանուանութեանց բաժանումը ԺԹ. դարուն», Անթիլիաս 1971, էջ 51)։
Սրտաճմլիկ էր այս կացութիւնը հայ ժողովուրդի մօտ։ Նկատի ունենալով, որ եկեղեցին էր ժողովուրդի լուսաւորութեան առաջնորդը, անմահ վիպագիր Րաֆֆի ԺԹ. դարու կէսերուն իր գլուխգործոց վէպին, «Խենթը» գիրքին հերոսին՝ Վարդանի երազով կ’առաջադրէր եկեղեցւոյ բարեկարգումը հետեւեալ խօսքերով.
«… Նա զարմացաւ։ Այդ ինչ պարզ, այդ ինչ անշուք եկեղեցի էր։ Ոչ բեմ, ոչ սեղան, ոչ զարդարած տաճար, ոչ ոսկեզօծ պատկերներ, ոչ արծաթեայ խաչեր եւ ոչ թանկագին զգեստներ չկային այնտեղ։ Նա զուրկ էր հայկական եկեղեցու շքեղութիւններից, մինչեւ անգամ դպիրներ, սարկաւագներ եւ տիրացուներ չէին երեւում։ Երկու պատկերներ միայն տեսաւ այնտեղ. Մէկը Յիսուս Քրիստոսի պատկերը, միւսը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի պատկերը, երկուսն էլ հասարակ սեւ շրջանակի մէջ դրուած»:
Ու կը շարունակէ.
«Ժողովուրդը նստած երկայն նստարանների վրայ այր եւ կին միասին, իւրաքանչիւրը ունէր ձեռքին մի փոքրիկ երգարան։ Քահանան կանգնած ամպիոնի վրայ, Սուրբ Գիրքը առջեւ դրած, քարոզ էր կարդում։ Նա իր հագուստով չէր զանազանւում հասարակ ժողովուրդից։ Նրա քարոզը այնքան պարզ, այնքան հասկնալի էր, որ բոլորը հասկանում էր Վարդանը»:
(«Խենթը», Սովետական գրող հրատարակչութիւն, Երեւան 1978, էջ 305):
Եւ այսպէս Վարդան կը շարունակէ իր երազը բարենորոգուած հայ եկեղեցիի մը նկարագրութեամբ։ Դժբախտութիւնը հոն է սակայն, որ փոխանակ այդ երազով երկնուած բարեկարգութիւնը Հայաստանեայց առաքելական մայր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ իրականանալու, կը տեսնենք, թէ Րաֆֆի, անջատուած Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ երկունքը կը մարգարէանայ։ Եւ ո՞վ կրնայ ամբաստանել Րաֆֆին, թէ ենթակայ էր միսիոնարական առաջնորդութեան կամ ճնշումներուն։
Բարենորոգման անհրաժեշտութիւնը Մայր եկեղեցւոյ մէջ բացարձակ պէտք մըն էր։ Բոլորը գիտէին եւ համաձայն էին, բայց ձախաւերութիւնը ըստ երեւոյթին երկու կողմէն յանգեցաւ աւերի եւ պատճառ հանդիսացաւ անբաղձալի բաժանման։
2.- Վերոյիշեալ բաժանման ազդակներու շուրջ պատմագրուած տարակարծութեան ալիքները կը տարուբերին։ Մինչ պատմագիրները համաձայն էին, թէ բարեկարգութիւնը անհրաժեշտութիւն էր Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Բիւզանդ Եղիայեան որոշիչ շեշտ կը դնէ միսիոնարական ներկայութեան թելադրիչ ազդեցութեան վրայ։
«1836ին հաստատուած «Բարեպաշտութեան միաբանութիւն» կորիզէն աճած Հայ աւետարանականութիւնը, թէեւ սկիզբները ներքին նպատակ մը չէր հետապնդած Հայաստանեայց եկեղեցիէն բաժնուելու, սակայն միսիոնարական առաջնորդութիւնը, ինչպէս տեսանք, զանոնք հետզհետէ տարած էր անջատ եկեղեցի մը կազմելու ծրագրին»: (Հ.Յ.Բ.ը, էջ 280):
Միսիոնարներու յորդորը եւ դեսպանատուներու թելադրութիւնները անկասկած իրենց դերը ունեցան հալածեալ խմբակցութեան մը տագնապներուն լուծման ելք մը գտնելու։ Եւ սակայն Հայ աւետարանական պատմագիրներ դրական կը գնահատեն միսիոնարներու ներկայութիւնը եւ դերը։ Վեր. Եղիա Քասունի այդ դրական ազդեցութիւնը կ’ամփոփէ չորս մարզերու մէջ.
«Միսիոնարներու գալը՝
Ա.- Աւետարանական շարժումին որոշ ուղղութիւն տուաւ,
Բ.- Բարեկարգեալ գաղափարներուն կենդանի եւ գործնական արտայայտութիւն տուող հուժկու եւ կայտառ մարմին մը ստեղծեց,
Գ.- Հոգեւոր եւ մտաւոր առողջ սնունդ տուող գրականութիւն ստեղծեց,
Դ.- Կրթական նոր դրութիւն մը ստեղծեց»:
(«Լուսաշաւիղ», էջ 67):
Ահա թէ ինչպէս կը նային կողմերը միսիոնարներու պատմական դերին վրայ. «Աւետարանական շարժում»էն դէպի կազմակերպեալ «Աւետարանական եկեղեցի» հոլովոյթի ճանապարհին վրայ։
3.- Տարակարծութեան ալիքը մեծ մագլցում կ’արձանագրէ նաեւ բաժանման երրորդ ազդակին շուրջ։ Եւ մինչ վեր. Եղիա Քասունի վճռակամօրէն կ’ամբաստանէ Մատթէոս պատրիարք Չուհաճեանը, «… Պատրիարքն ինք էր պատասխանատուն բողոքական անջատման, որովհետեւ աւետարանականները բանադրելով եւ եկեղեցական արտօնութիւններէ զրկելով, զանոնք ստիպեց վերջապէս, որ զատ եկեղեցի եւ համայնք կազմեն»:
(«Լուսաշաւիղ», «Հայ աւետարանականութեան անջատումը», Պէյրութ 1930, էջ 35):
Բիւզանդ Եղիայեան «ձրի ամբաստանութիւն» որակելէ ետք բանադրանքը, կ’արդարացնէ Մատթէոս պատրիարքի խնդրոյ առարկայ կոնդակը գրելով.
«Այդ թուղթին մէջ ոչ մէկ բառ կայ «բանադրանք» կամ «նզովք» կամ «անաթեմայ» բառացանկէն… ոչ ալ կը գտնուի տող մը ընդհանուր բողոքականութեան կամ աւետարանականութեան դէմ… Հարցը միայն «մոլորեցուցի»չ եւ «ինքը իր կամքովը եկեղեցիէն անջատուած» քահանայի մը մասին է»: (Հ.Յ.Բ.ը, էջ 246):
Եղիայեանի սոյն արդարացումը կ’ակնարկուի Յունուար 13 1846ին տէր Վրթանէս քհնյ. Եզնակեանի Մայր եկեղեցիէն արտաքսման կոնդակին։ Եղիայեան սակայն ոչ մէկ յիշատակութիւն կ’ընէ Յունիս 21 1846ին, Էջմիածնայ տօնին օրը, Մատթէոս պատրիարքի նոր կոնդակին, ուր.
«… Անխտիր բոլոր բողոքականները յաւիտենապէս կ’արտաքսուին եկեղեցիէն եւ տեւական անաթեմայի (նզովք) տակ կը դրուին»: (Վեր. Տիգրան Խրլոբեան, «Ոսկեմատեան», Ա. Հատոր, Պէյրութ 195Օ էջ 13):
4.- Գալով բաժանման չորրորդ ազդակին, այսինքն օրինական առանձնավիճակի կամ «փրոթեսթանթ միլլէթ»ի հարցին, հոս եւս առանց խոր տարակարծութեան անոր ստեղծման պայմաններու շուրջ, Հայ աւետարանական պատմագիրները եւ Բ. Եղիայեան շեշտը տարբեր տեղեր կը դնեն։ Մինչ վեր. Ե. Քասունի յստակօրէն կը շեշտէ, թէ հայ աւետարանականներ դժկամութեամբ ուղղուեցան այդ ճանապարհին վրայ.
«Հայ աւետարանականներ այս ծրագրին մէջ երկու բանի կ’առարկէին. Նախ հայ ազգին մարմինէն անջատուած նկատուելուն. Երկրորդ՝ բողոքական անուանակոչումին»։ («Լուսաշաւիղ», էջ 30):
Եղիայեան սակայն յստակ կերպով շեշտը կը դնէ միսիոնարներու եւ արեւմտեան դեսպանատուներու ճնշումին եւ ծրագրին վրայ.
«Օտար միսիոնարներ եւ դեսպաններ բաղդատաբար աւելի դիւրաւ տրամադրելի հայերը յառաջ քշած էին, որպէսզի ասոնց պատրուակով ամբողջ Թուրքիոյ մէջ բողոքականութիւնը օրինաւորապէս տեղաւորուէր…»: (Հ.Յ.Բ.ը, էջ 266):
***
Բաժանումը պատահեցաւ։ Ծնաւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին եւ ահա այսօր պաշտօնապէս կը յիշատակէ իր ծննդեան 160ամեակը։
160ամեայ իր ծառայութեան ժառանգութիւնը, անկախ իր երկունքի ցաւերէն, լուսաւոր պսակ մըն է այս համայնքի ճակտին, այնքան որ Եղիայեան ինք անուղղակիօրէն ճանչնալով այդ դրական դերը, ուրախութեամբ կ’աւետէ.
«… Հեռաւոր ամպերու բերած փոթորիկները անցնելէ ետք, հայ աւետարանականներու յաջորդ սերունդները վերստին գիւտը պիտի ընէին ազգին միակ ճշմարիտ հոգեկան արժանիքներուն ու ցեղին պատմական հարստութեանց, մինչեւ որ ներկայիս մէկ դար ու քառորդ ետքը չգտնուի աւետարանական հայ երիտասարդ մը, որ գիտակցօրէն չհպարտանայ, թէ ինք նոյնքան հայ է, որքան աւետարանական»։ (Հ.Յ.Բ.ը, էջ 272-273):
Պէտք է գիտակցիլ, թէ հայ աւետարանական երիտասարդին ստացած ամէնօրեայ ֆիզիքական սնունդին հետ չէ որ եկած էր այդ հպարտութիւնը, այլ եկեղեցւոյ, կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ Հայ աւետարանական կրթական հաստատութիւններէն ներս ստացուած դաստիարակութեան արդիւնքն էր այդ։
Վերջին քառորդ դարու ընթացքին սակայն կրկին պայմաններու յեղափոխական փոփոխութիւն յառաջ եկաւ սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ։ Այս միջոցին սփիւռքահայութեան զարթօնքի մակակեդրոնը եկաւ փոխադրուելու Միջին Արեւելքէն դէպի հեռաւոր Ամերիկաները, ուր կեանքի եւ մշակոյթի ընդհանուր մթնոլորտը աւելի հակամէտ էր լուծելու օտար ինքնութիւնները, բաղդատած Միջին Արեւելքի ոչ քրիստոնեայ, սակայն հիւրասէր եւ յարաբերաբար անհաղորդ միջավայրին։
Թէ ինչ հոլովոյթ առաւ Հայ աւետարանական համայնքի ընթացքը Միջին Արեւելք մնացող գաղութներուն մէջ, պիտի ձգեմ անոնց, որոնք կարողացան առանց խախտելու, հաստատ մնալ ցեղասպանութենէ ետք զիրենք հիւրընկալող հողերու վրայ եւ հոն շարունակել իրենց ազգային եւ կրօնական գիտակցութեան պայքարը։
Բնականաբար, վերջին քառորդ դարը ապրած ըլլալով Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ աւելի քաջատեղեակ Հայ աւետարանական համայնքի իրավիճակին այս ափերուն վրայ, աւելի համարձակօրէն եւ գիտակցօրէն պիտի արտայայտուիմ Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ համայնքի ենթարկուած յարաբերական փոփոխութիւններուն մասին իմ ապրած միջավայրիս մէջ։
Անշուշտ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ համայնքի գոյութիւնը եւ պատմութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ նորութիւն չէ։ Աւետարանականներ ոտք հաստատած էին թէ՛ արեւելեան եւ թէ արեւմտեան ափերուն վրայ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան։ Հարիւրէ աւելի երկարող տարիներու վրայ նորանոր գաղթողներու շարունակական հոսանքը երբեմն փոքր ծաւալով, երբեմն հսկայածաւալ, անշուշտ մակընթացութեան եւ տեղատուութեան համեմատական ալիքներ ստեղծած է այս համայնքին մէջ, ինչպէս ընդհանրապէս ամբողջ ամերիկահայութեան։ Իմ բաղդատականը ընդհանրական է, աւելի ծաւալուն ժամանակաշրջան մը նկատի առնելով, առանց ակնարկելու կարճ ժամանակաշրջաններու դրական ուղղութեամբ ապրուած յառաջխաղացքներու։
Ա.- Հայ աւետարանական եկեղեցին կորսնցուցած է իր մայրենի լեզուն։
Այո, տակաւին կիրակնօրեայ պաշտամունքներու ընթացքին հայերէն քարոզի պահ մը կայ կարգ մը եկեղեցիներու մէջ, բայց ընդհանրապէս պաշտամունքի, հաղորդակցութեան, երգեցողութեան, ժողովներու, յայտարարութիւններու, յայտագիրներու, թերթերու, հրատարակութիւններու եւ պաշտօնական աւետարանական մամուլի գլխաւոր լեզուն ՄԱՅՐԵՆԻՆ ՉԷ։ Անոր տրամադրուած անկիւնը, եթէ պատահի, չափազանց աննշան է։ Նորընծայ հովիւներու մայրենիին գիտութիւնը նոյնիսկ չափազանց խեղճ է հակառակ հազուադէպօրէն թափուած անկեղծ ջանքերուն։ Իսկ անոնց գիտութեան պաշարը, Մայր եկեղեցւոյ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու պատմութեան մասին, առատաձեռնօրէն լուսանցքային կարելի է որակել միայն։
Հաւանաբար, վեր. Ա. Ա.Պետիկեանի «Հայաստանի կոչնակ»էն ի վեր հայ աւետարանական հովիւներու շարունակական հունձքեր ընդհանրապէս հայերէն չեն գրած, չեն հրատարակած, չեն հրապարակած։ Բացառութիւններ կան անշուշտ եւ շատ յարգելի։ Վեր. Վ. Թութիկեանի առատահոս գրիչը երկնած է հայերէն լեզուով քանի մը հատորներ։ Վեր. Պ. Տարագճեանի բեղուն գրիչը յաճախակիօրէն կը ցոլայ քալիֆորնիահայ մամուլին մէջ։ Պարբերաբար կը վայելենք վեր. Յ. Սարմազեանի համով-հոտով պատմուածքները զանազան հրատարակութիւններու մէջ։ Բայց ընդհանուր առմամբ, հայերէն լեզուի գործածութիւնը եւ հայերէն լեզուի նկատմամբ սէրն ու յարգանքը ակնյայտ բացակայութիւններ են առանց ցասումի կամ խղճահարութեան։ Ի՞նչ ողորմելի էր վերջերս տեսնել 1600ամեակի նուիրուած հայ աւետարանական մամուլի պանծացումը մեսրոպեան ոսկեղէնիկին, ընդհանրապէս միայն անգլերէն լեզուով։ Շեշտուեցաւ անշուշտ այն իրողութիւնը, թէ անմահն Մաշտոց իր գիւտը ըրաւ Աստուածաշունչը թարգմանելու եւ զայն մայրենի լեզուով հայ ժողովուրդին մատչելի դարձնելու։ Կարծես ըսել կ’ուզէին, թէ Մեսրոպի պատգամը եւ գիւտը կը դադրէին հայուն կողմէ օգտագործելի ըլլալէ, երբ կարենայինք օտար լեզուներով ընկղմիլ Աստուծոյ խօսքին մէջ։
Լեզուն մեր ազգային գոյութեան եւ գոյատեւման ողնայարն է, առանց որուն պայծառ ներկայութեան մենք դատապարտուած ենք կորուստի:
Այս առնչութեամբ վերջին քառորդ դարու ընթացքին միակ փայլող աստղը հայ աւետարանական երկնակամարին վրայ «Մերտինեան» հայ աւետ. վարժարանի երկունքն ու գոյութիւնն է, շնորհիւ տեսիլք ունեցող խումբ մը նուիրեալներու։ Անոնք 25 տարիներ առաջ դժուարին պայմաններու տակ հիմը դրին Հիւսիսային Ամերիկայի միակ Հայ աւետարանական կրթական հաստատութեան, որ կը շարունակէ մինչեւ օրս ծաղկիլ եւ շողալ։
Պիտի ըսուի, թէ լեզուական այս անխուսափելի տագնապը կը վերաբերի բոլոր համայնքներուն եւ եկեղեցիներուն։ Թերեւս մասնակի ճշմարտութիւն մը ըլլայ այդ հաստատումին մէջ եւ սակայն հոս խնդրոյ առարկան մեր համայնքն ու մեր վիճակն է եւ հետեւաբար լուսարձակները ուղղուած են մեր վրայ։
Բ.- Հայ աւետարանական եկեղեցին կորսնցուցած է հայ ժողովուրդին հետ հոգեւոր հաղորդակցութեան իր ունեցած եզակի առաւելութիւնը։
Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադիր հայրերն ու պատմագիրները իրաւացիօրէն կը պարծենային, թէ աւետարանականութիւնն էր, որ Աստուածաշունչը, աշխարհաբարի իր առաջին թարգմանութեամբ, ԺԹ. դարու կէսերուն մատչելի դարձուց ժողովուրդի ընթերցող հասարակութեան։ Հայ աւետարանական հովիւներն էին, որոնք պարզ, յստակ եւ հասկնալի լեզուով հոգեւոր քարոզներ տալով կը լուսաւորէին ժողովուրդի միտքն ու հոգին։ Հայ աւետարանական եկեղեցին էր, որ չափահասներու յատուկ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւններով եւ մանուկներու եւ պատանիներու յատուկ կիրակնօրեայ դպրոցներով Աստուծոյ խօսքը կը սերմանէր սերունդներու մտքին մէջ։ Հայ աւետարանական եկեղեցին էր, որ Պատանեաց եւ Երիտասարդաց ձայնից ընկերակցութիւններու միջոցաւ հոգեւորապէս կը դաստիարակէր հայ երիտասարդ սերունդը։ Հայ աւետարանական վարժարաններն էին, որոնք գիտութեան եւ արուեստի կողքին Աստուծոյ վախը կը սերմանէին աշակերտութեան սրտին մէջ։ Եւ վերջապէս հայ աւետարանական մամուլն էր, որ զանազան բնագաւառներու կարգին հոգեւոր գրականութիւն կը մատակարարէր հայ անհատին։ Այսօր ալ Հայ աւետ. եկեղեցին վերոյիշեալ առաքելութիւններէն շատերը աշխուժութեամբ կը շարունակէ։ Եւ սակայն այն համեմատական միջոցը, որ մեզ կը բաժնէր Մայր եկեղեցիէն (որու պատճառաւ մինչեւ անջատման դիմեցինք), այսօր կամ չքացած է եւ կամ անկասկած չափազանց նուազած։ Ուրիշ խօսքով, կասկածէ վեր է, թէ այն բարեկարգութիւնը, զոր մեր հայրերը չկրցին իրագործել Մայր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, վերջին 160 տարիներու բնական ընթացքով եւ պայծառամիտ եւ իմաստուն առաջնորդներու ձեռքով հսկայածաւալ յառաջդիմութիւն գտած է։ Այսօր աշխարհաբարի վերջին թարգմանութեան ռահվիրան Մայր եկեղեցին է։ Այսօր մեր մամուլի էջերը լեցուն են Մայր եկեղեցւոյ ծառայող պայծառամիտ կղերականներու կրօնաշունչ եւ դաստիարակիչ յօդուածներով։ Այսօր, լաւագոյն եւ բարձրորակ ուսումով եւ դաստիարակութեամբ վկայուած, կոչումի տէր, Մայր եկեղեցւոյ առաջնորդ կղերականներ իրենց քարոզներով, բարոյախօսութեամբ, բանախօսութիւններով եւ դասախօսութիւններով լիովին կը գոհացնեն հոգեւոր սնունդի ծարաւը ունեցող հայ անհատը։ Այսօր Մայր եկեղեցին որոշ չափով ջանք, ժամանակ եւ կարեւորութիւն կու տայ պատանի եւ երիտասարդ սերունդներու հոգեւոր դաստիարակութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ յաճախակի ճամբարներու միջոցաւ։
160 տարիներ երկարող ճանապարհին վրայ հայ աւետարանական համայնքի գուցէ չթուլցող, բայց եւ այնպէս տկարացող հոգեւոր տենդին եւ նոյն ժամանակամիջոցին Մայր եկեղեցւոյ յաջողութեամբ իրագործած բարենորոգումներու միջեւ գտնուած խրամատը զգալիօրէն նուազած է։
Գ.- Հայ աւետարանական եկեղեցին կորսնցուցած է իր կառուցային ուժը։
«Փրոթեսթանթ միլլեթ»ի մը ստեղծած անպատեհութիւններու կողքին գլխաւոր առաւելութիւն մը կարելի չէր անտեսել։ Համայնքը ունէր միութենական կառոյց մը, որ հաստատուն կը պահէր ընդհանուրը, ժողովրդավարական միջոցներով ընտրեալ առաջնորդ ղեկավարութեան մը հովանիին տակ։ Այս իրավիճակը Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք ժառանգուեցաւ միջին արեւելեան զանազան երկիրներու կողմէ, ուր եւս Հայ աւետարանական եկեղեցին հաստատուն միաւոր մըն էր Կեդրոնական մարմնի մը ղեկավարութեան ներքեւ, որ ընդհանրապէս կը տնօրինէր համայնքին ընդհանուր գործերը շրջանին մէջ։ Այս իրավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ կ’ընդգրկէր նաեւ դաւանական հարցեր, եկեղեցական հարցեր, ուսումնական հարցեր, ինչպէս նաեւ փոխյարաբերական հարցեր քոյր համայնքներու եւ պետութեան հետ։ Առանց մօտէն ծանօթ ըլլալու Ֆրանսայի Հայ աւետ. եկեղեցւոյ կառոյցին, կրնամ ըսել, թէ հոն եւս կեդրոնական, ժողովրդավարական ոճով իրերայաջորդ ղեկավարութիւն մըն է, որ կը տնօրինէ համայնքին հարցերը եւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները։ Գալով Միացեալ Նահանգներու իրավիճակին եւ հակառակ գոյութիւն ունեցող Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, կը մտաբերեմ սուրիացի հռչակաւոր կատակերգակ եւ դերասան Տորէտ Լահհամի նշանաւոր խօսքերէն «քուլ մին իտո ըլո»ն, այսինքն «ամէն մեկու ձեռքը իրն է»։ Հակառակ տարիներով տարուած ջանքերուն, ներդաշնակութեան պակասը ակնյայտ է։ Եկեղեցական պաշտամունքի շարքի եւ ձեւի, հովիւներու պաշտօնազգեստի, մկրտութեան եւ պսակադրութեան խորհուրդներու, գործածուած երգի եւ երաժշտութեան, աստուածաբանական հաւատամքներու, ամերիկեան մշակոյթի եւ կենցաղի մէջ առաջնահերթ նկատուող հարցերու՝ վիժումի, միասեռականութեան, հանրային վարժարաններէ ներս կրօնական ուսուցումի, նախայարձակ պատերազմի, մահապատիժի եւ տակաւին այլազան այլ հարցերու շուրջ եւ մասին տիրող կարծիքները եւ դիրքերը այնքան զանազան են, որքան ձկնարանի մը մէջ երեւցող գոյները։ Միութեան ծիրէն ներս անդամ եկեղեցիներու անկախութիւնը գերակայ է, յանգելով թոյլ միութենական կապի մը։ Այս կապը ամրապնդելու անխուսափելի հրամայականին առջեւ կը գտնուինք, եթէ մենք արժանապատուութեան տէր, միակամ եւ միարմատ Աւետարանական եկեղեցւոյ մը զաւակները կոչուած ըլլալու հանգամանքին հաւատացողներ ենք։
Դ.- Հայ աւետարանական եկեղեցին կորսնցուցած է իր ծնունդով մկրտուած անունը։
Արդարացի հպարտութեան առարկայ է այն պատասխանը, զոր եկեղեցւոյ հիմնադիր հայրերը մտածուած կերպով տուին միսիոնարներուն, երբ դիմագրաւեցին անոնց հետապնդած հարցումը նորաստեղծ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առընչութեամբ։
«Պէտք չունինք մասնաւոր նոր յարանուանութիւն մը՝ որոշելու կամ որեւէ օտար դրութիւն կէտ առ կէտ որդեգրելու։ Մենք Սուրբ Աւետարանին աշակերտած եւ անոր հոգեկեցոյց սկզբունքներն արդէն որդեգրած ըլլալով, կը փափաքինք մեր մայր եկեղեցին իր նախկին առաքելական ուղղափառութեանն ու պարզութեանը վերածել։ Ուստի որոշած ենք «Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցի» կազմուիլ եւ ոչ ուրիշ բան»։ («Լուսաշաւիղ», էջ 55):
Այդ 160 տարի առաջ էր, երբ հիմնադիրներու սրտին, մտքին եւ հոգիին մէջ անբաժանելիօրէն շաղկապուած էին Հայաստանեայցը եւ Աւետարանականը։ Այսօր Մ. Նահանգներու տարածքին այլազան եւ աններդաշնակ գոյներու տեսարան մը կը պարզեն Հայ աւետ. եկեղեցիներու անունները։ Անուններու Արշակաւան մը արդարեւ։ Գունաւոր բայց տգեղ, առանց երբեք տալու այն տպաւորութիւնը, թէ մէկ համայնքի պատկանող զանազան եկեղեցիներու մասին է խօսքը։ «Ժողովականը», «Երիցականը», «Նազովրեցին», «Ս. Նարեկը» կամ «Առաջին», «Մէմորեըլ», «Նահատակաց» բայց ՈՉ «աւետարանական» եկեղեցիները կը տողանցեն համընթաց «Աւետարանական» կոչուածներու կողքին։
Իննիսունական թուականներուն քանի մը հաւատաւոր ընկերակիցներու հետ միասին ձեռնարկուած պայքարի մը ընթացքին յաջողեցանք միայն երկու եկեղեցիներու անունները վերադարձնել իրենց հարազատ արմատներուն։ Մնացեալ օտարամուտ անուններ կրող եեղեցիներու մէջ ընդդիմութեան բուռն պայքար մղուեցաւ։ Գտնուեցան շատեր, որոնք նահապետական հաւատարմութեան մը պատճառաւ մերժեցին փոխել իրենց ծնողաց եկեղեցիներուն վերամկրտուած անունները։ Գտնուեցան ուրիշներ, որոնք ամչցան Աւետարանական (Evangelical) անունէն, առանց սակայն ամչնալու այդ անունին ամերիկեան հրապարակի վրայ թողած գաղափարաբանութեան հետեւելու։ Գտնուեցաւ նաեւ համայնքին մէջ տասնամեակներ շարունակ ղեկավար դիրք գրաւած հովիւ մը, որուն ուժեղ հակառակութիւնը անուանափոխութեան, իր կրելիք անհանգստութիւնն էր (embarrassment) իրեն ծանօթ եւ գործակից օտար եկեղեցական առաջնորդներու քով։ Մէկ խօսքով, մեզմէ ոմանք «ուստի որոշած ենք Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցի կազմուիլ»ը մաշած ու հինցած հագուստի մը նման թօթափած են իրենց ուսերէն եւ հագած աւելի հրապուրիչ, գունագեղ եւ սակայն օտարամուտ եւ խորթ այլազան պատմուճաններ, կորսնցնելով ՄԷԿ եկեղեցւոյ պատկանած ըլլալու երաշխիքը եւ կնիքը կրող հասարակ յայտարար «Աւետարանական» անունը։
Եւ հիմա դէպի ո՞ւր։
160ամեայ հոգեւոր, կրթական եւ ընկերային ծառայութիւններու փառաւոր ժառանգութիւն մը բաւարա՞ր է շարունակելու համար սկսուած ճանապարհը։
ԱՆՏԱՐԱԿՈՅՍ։
Եւ սակայն ինքնաքննութեամբ, սրբագրութիւններով եւ առարկայական մօտեցումով։
Չմոռնալով՝ վերոյիշեալ տկարութիւնները եւ համախոհութեամբ եւ իմաստութեամբ ջանալով չէզոքացնել զանոնք։
Չմոռնալով՝ որ այսօրուան Մայր եկեղեցին եւ անոր իրավիճակը այն չէ, որմէ ստիպողաբար բաժնուեցանք 1846ին։
Չմոռնալով՝ որ Հայաստանի անկախացումը նոր դեր, պատասխանատուութիւն եւ պարտաւորութիւն կը բեռցնէ մեր ուսերուն։
Չմոռնալով՝ որ հակառակ մեր առաքելութեան ընդլայնումին եւ տարածման մայր հայրենիքէն ներս, մեր աշխատանքի կորիզը կը շարունակէ մնալ Աւետարանի բարի լուրին տարածումը, հայ անհատին հոգեւոր վերածնունդը եւ հայ ժողովուրդի ընդհանրական բարօրութիւնը։
Չմոռնալով՝ միշտ յարգել Մայր եկեղեցին, սատարել անոր անսասանութեան, գորովալից սիրով գնահատել եւ քաջալերել եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը եւ հաւատարմութեան կոչ ուղղել ժողովուրդին անոր հանդէպ։
Չմոռնալով՝ որ ինչպէս մեր ժողովուրդի հաւաքական աչքերը յառած կը մնան Արարատի կատարին, երազելով, յուսալով եւ պայքարելով օր մը անոր փէշերուն շուրջ հաւաքուիլ, այդպէս ալ հայ աւետարանականներու հաւաքական աչքերը սեւեռած պէտք է ըլլան հորիզոնի վրայ գտնուած այն երջանիկ օրուան, երբ մենք կրկին կը վերադառնանք Րաֆֆիի Խենթին երազով բարենորոգուած Մայր եկեղեցւոյ գիրկը։
Մինչ այդ, խոնարհաբար ուրախ ենք եւ հպարտ, որ վերջին տասնամեակներուն Մայր եկեղեցւոյ Մեծերը, Ամենայն Հայոց Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. կաթողիկոսը, Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայ գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսը գիտակցած, ճանչցած եւ գնահատած են Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ փայլուն եւ օգտաշատ նպաստը հայ ժողովուրդին։
Իսկ միւսնե՞րը…
Հայ աւետ. եկեղեցիի կարաւանը կը շարունակէ իր Աստուածակորիզ եւ ազգօգուտ ճանապարհը։
Բարի երթ։
Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա